2013-12-14 10:44:34

ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ


RealAudioMP3 Քրիստոսի խոստումը- «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»: Ո՛վ որ ուսումնա-սիրած է Եկեղեցիին Պատմութիւնը, նկատած է թէ Քրիստոսի այս խոստումը միշտ իրակա-նացած է, որուն շնորհիւ` Եկեղեցին մարդկային միակ հաստատութիւնն է, որ այսքան երկար դարեր գոյատեւած է:
Եւ չկարծենք, թէ քրիստոնէութեան մեծագոյն թշնամիները արտաքին հակառակորդները եղած են: Քրիստոնէութեան դէմ մեծագոյն սպառնալիքը ներսէ՛ն եկած է, եկած է հերձուած-ներէ, պառակտումներ: Եկած է ա՛յն անձերէն, որոնքո կանչուած էին քրիստոնէութեան պաշտպան կանգնելու, որոնք սակայն իրենց անարժան կեանքով հոգիներուն գայթակղու-թիւն պատճառած են:
Քրիստոնէութիւնը, հակառակ իր կրած աննախընթաց ու շարունակական հալածանքնե-րուն, 22 դարերէ ի վեր` մարդկութեան համար կեանքի աղբիւր եղած է, շնորհիւ իր մշտա-նորոգ երիտասարդութեան:
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Ի՞նչ է Եկեղեցին
Երբ «եկեղեցի» կ’ըսենք, կրնանք հասկնալ չորս պատերէ կազմուած այն աղօթավայրը,որ կիրակի կամ տօն օրերուն մեր աղօթքները կը մատուցանենք, ուր հոգեհանգիստ, մկրտու-թիւն կամ պսակ կը կատարենք: Այս իմաստով` Անի քաղաքը կոչուած էր «հազարումէկ եկեղեցիներու ոստան»:
Բայց Եկեղեցին, որուն մասին պիտի խօսինք, տարբեր նշանակութիւն ունի:
Յիսուս աշխարհ եկաւ փրկելու ո՛չ միայն իր ժամանակակից մարդիկը, այլ նաեւ անցեալ եւ գալիք բոլոր դարերու մարդկութիւնը: Այս նպատակը իրագործելու համար, Յիսուս աշ-խարհէն չմեկնած` ուզեց հիմնել կազմակերպութիւն մը, որուն նպր ատակը պիտի ըլլա Անոր փրկչագործ առաքելութիւնը շարունակել աշխարհի բոլոր ազգերուն մօտ: Յիսուս ուզեց որ մարդը մարդով փրկուի, առ այս` աշակերտներ ընտրեց, զանոնք առաքեալներ կարգեց, որոնց հաւատացող մարդոց ամբողջութիւնը «եկեղեցի» կոչուեցաւ, յունարէն ա՛յն բառէն որ կը նշանակէ հաւաքոյթ:
Եկեղեցին ունի ո՛չ միայն Քրիստոսէ ժառանգած հաւատք այլ նաեւ պաշտամունքի յատուկ վայրեր կամ աղօթատեղիներ (եկեղեցիներ):
Բայց հոս երբ կը խօսինք Եկեղեցիի մասին, յատուկ կերպով կը հասկնանք Քրիստոսի հիմնած հոգեւոր այն կազմակերպութիւնը, որուն աստուածաւանդ առաքելութիւնը կը կա-յանայ մարդիկը քրիստոնեայ դարձնելու եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի երկնաւոր արքա-յութիւնը:
Եկեղեցին կը կազմէ մարմին մը, որուն անդամ կը դառնան բոլոր ազգերու ու ժողովուրդ-ներու պատկանող մկրտուած այն հաւատացեալները, որոնք Յիսուս Քրիստոսը իբր Աստ-ւած կը ճանչնան եւ Անոր քարոզած հաւատալիքները կը դաւանին: Եկեղեցին որպէս բազ-մազգի կազմակերպութիւն` ունի ընկերային հասարակական կառոյց, տնտեսութիւն, վար-չակազմ: Եկեղեցին ունի հեղինակութիւնը` նշանակուած իր Հիմնադրին կողմէ որպէս յա-ջորդ Ս. Պետրոս առաքելապետի: Այս հեղինակութեան կը հնազանդին Եկեղեցիին պատ-կանող ամէնազգի եկեղեցականներն ու աշխարհական հաւատացեալները:
(Քաղուած Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.