2013-12-14 10:32:27

Թեհրանի Հիւլէական ծրագիրին շուրջ փորձագէտներու բանակցութիւններուն մէջ դադար յայտարարուած Է


Վիեննայի մէջ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ փորձագէտներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն մէջ դադար յայտարարուած է: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դադարը պիտի օգտագործուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ իրանեան պատուիրակութեան անդամներուն խորհրդակցութեանց համար:
Վերջին օրերուն ընթացքին Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները կատարուած են երկու մակարդակով. Վեցեակի ու Իրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ու Իրանի պատուիրակութիւններուն միջեւ: Անոնք վերաբերած են նոյեմբերին Ժընեւի մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ գոյացած ժամանակաւոր համաձայնութեան գործադրութեան: Վիեննայի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող խորհրդակցութիւնները, որոնք որոշ ժամանակ ետք պիտի շարունակուին, տեղի կ՛ունենան արտաքին գործոց նախարարութեանց գլխաւոր տնօրէններու մակարդակով:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը նշէ, որ հանդիպումներուն մասնակցած կողմերը անոնց արդիւնքները կը նկատեն կառուցողական եւ խոստմնալից:
Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը նախատեսուած է 21 յունուար 2014-







All the contents on this site are copyrighted ©.