2013-12-13 12:47:17

Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան թուիթը եւ Գերապայծառ Փարոլինի խօսքը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն` Եկեղեցին յանձնառու է կերտելու խաղաղ եւ եղբայրական ապագայ մը։


Ուրբաթ, 13 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը թուիթ մը հրատարակեց որուն մէջ յայտնեց թէ ''Այսօր՝ Վատիանի Պետական նոր Քարտուղարը, Գերապայծառ Փարոլին, առաջին անգամուայ համար կը հանդիպի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած՝ Դեսպաններուն''։
Յայտնենք որ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներու առթիւ վերոյիշեալ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի։ Յայտնենք նաեւ որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրպաետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Միքայէլ Մինասեան։

Դեսպաններուն ուղղած իր առաջին այս ճառին մէջ` Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ողջունելով ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց ու անոնց ու իրենց ընտանեկան պարագաներուն փոխանցեց Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները, հայցելով Աստուծմէ ''իրենց երկիրներու խաղաղութիւն եւ ամենայն բարիք''։
Գերապայծառ Փարոլին` ի տես աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ կայացած բռնութիւններուն եւ ընկերային անարդարութիւններուն, վստահեցուց Սուրբ Աթոռի թիկունքը` համագործակցելու եւ ձգտելու խաղաղութեան ու ամէն անհտաի արժանապատութեան յարգանքին, ակնարկելով Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու ուղղած ճառին։
Վատիկանի Պետքարտուղարը մէջբերելով ապա Աւետարանի խօսքը ''երանի խաղարարարներուն'', յայտնեց թէ անհրաժեշտ է միասնաբար աշխատիլ, հաստատելու համար խաղաղութեան իսկական մշակոյթ մը, քաջութեամբ համապատասխանելու ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան մարտահրաւէրին։
Այս է - ըսաւ գերապայածռ Փարոլինը - մարդկութիւնը զոր միասին պէտք ենք կերտել. Մարդկութիւն մը որ ըլլայ իսկական ընտանիք մը. Մարդկութիւն մը ուր երկխօսութիւնը փոխարինէ պատերազմը. Մարդկութիւն մը ուր հզօրին ուժը փոխհատուցում հանդիսանայ փոքրիկին տկարութեան. Մարդկութիւն մը ուր տկարին ուժը փոխհատուցում ըլլայ զօրաւորին տկարութեան։
Քաջ տեղեակ ենք` թէ ժամանակակից մարդը պահանջ ունի իր ճանապարհին վրայ հանդիպելու խորապէս եղբայրակից ու մարդկային անձերու, որ ապագայի յոյս ներշնչեն։ Ու Սրբազան Քահանայապետը կը փափաքի որ քրիստոնեաները ըլլան եղբայրակիցներ ու Եկեղեցին հռչակէ եւ վկայէ Աւետարանի ուրախութիւնը։
Գերապայծառ Փարոլին հուսկ խօսքը եզրափակեց ըսելով ` ''Քրիստոնեաներուն համար այս ուրախութիւնը հիմնուած է Յիսուսի անձին վրայ, որուն Սուրբ Ծնունդը պիտի տօնենք մի քանի օրէն։ Թող երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը օգնեն ձեր ժողովուրդները զարգանալու եւ յառաջդիմելու դէպի աւելի փայլուն ապագայ։ Շնորհակալութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.