2013-12-13 11:53:33

Միջեկեղեցական արարողութիւն՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Դեկտեմբեր 2ին, Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Հոզէ արք. Կոմեզ իր անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը շնորհեց առաջնորդարանին, եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով՝ պատուոյ հիւրը դարձաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած տարեկան երրորդ միջեկեղեցական արարողութեան: Հիւր սրբազանը երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերն էր:
Արարողութենէն առաջ, երեկոյեան ժամը 6:30ին, «Համբար Ընտանեաց» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային մտերմիկ եւ հոգեւոր պահ մը, որուն ներկայ գտնուեցան արարողութեան մասնակցող կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, ապա տաճարին մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ՝ հայր Ալեքսիս Սմիթ, իր բարի գալստեան խօսքին մէջ ներկայացուց արարողութեան ներկայ հիւր հոգեւորականները: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճան վրդ. Պաքաս (հոգեւոր տեսուչը Ս. Սոֆիա Յոյն ուղղափառ տաճարին), դոկտ. պատուելի Կայ Ըրուին (Լուտերական աւետարանչական եկեղեցի), պատուելի Սալի Ուելչ (Քրիստոսի Առաքեալներ եկեղեցի) եւ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցի):
Արարողութեան մասնակցեցան «Խաչատուրեան», Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, «Ճիուպիլէյթ Տէօ» եւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի երգչախումբերը:
Առաջնորդը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Հոզէ արք. Կոմեզի, իր մասնակցութեան եւ հոգեւոր պատգամին համար, եւ իրեն յանձնեց սրբապատկեր մը՝ իբրեւ յուշանուէր: Պատուոյ հիւրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, իր ջերմ ընդունելութեան եւ այս առիթին համար:
Աւարտին, հիւր հոգեւորականները, պետական պաշտօնեաներն ու հաւատացեալները ներկայ գտնուեցան «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Բարի Սամարացի» ընկերակցութեան կազմակերպած հիւրասիրութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.