«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ափրիկէ ցամաքամասը կը շարժի Եւրոպայի ուղիով, եւ Արեւելեան Ափրիկէի
մեծագոյն տնտեսութիւնները կրնան միասնական դրամանիշ ստեղծել: Առաջին քայլը կատարած
է Քենիան, որ իր անկախութեան 50-ամեակին առիթով միասնական անդրսահմանային վճարման համակարգ`
«Տը Իսթ Աֆրիքըն Փէյմընց Սիսթըմ»(ԻԱՓՍ) ստեղծած է Ուկանտայի եւ Թանզանիոյ հետ: Յայտնի
է, որ շուտով այս երկիրներուն պիտի միանան Պուրունտին ու Ռուանտան: Ըստ «Կազեթա»-ի,
այս որոշումը Արեւելեան Ափրիկէի հասարակութիւնը քայլ մը եւս կը մօտեցնէ յաջորդ կարեւոր
փուլին` միացեալ դրամի ստեղծման: