«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը ամանորեայ անակնկալ մատուցած է Շիրակի մարզի Պաւրա
գիւղի դպրոցականներուն: Արժանթինի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ` ի դէմս բարերար
Նշան Տէւէճեանի, դպրոցը հիմնովին կահաւորուած է եւ համալրուած համակարգիչներով: Հանդէս
գալով ուսուցիչներու եւ աշակերտներու անունով` դպրոցի տնօրէն Արմէն Վարդանեանը շնորհաւորած
է ներկաներու գալիք Ամանորը եւ յայտնած. «Անչափ շնորհակալ ենք նուէրի համար: Խոստանում
ենք, որ մեր բարերարների յաջորդ այցին իրենց կը զարմացնենք մեր առաջադիմութեամբ եւ գիտելիքներով»:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչները, իրենց հերթին, խոստացած են դպրոցի 74 աշակերտի անունով
գրուած շնորհակալական նամակը եւ գեղեցիկ ձեռագործ աշխատանքը փոխանցել բարերարին: Նշենք,
որ բարերար Նշան Տէւէճեանը ֆինանսաւորած է նաեւ շուրջ 650 բնակիչ ունեցող գիւղի բազմակողմանի
համայնքային կեդրոնի կառուցումը: Արդէն գարնան գիւղը պիտի ունենայ բարեկարգ վարչական
կեդրոն, բուժկէտ, գրադարան, հանդիսութիւններու սրահ եւ համակարգչային սենեակ: