2013-12-12 14:00:25

Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի 12 դեկտեմբերի քարոզը


''Պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան տօնին, լռութեան մէջ ապրելու եւ ունկնդրելու զԱստուած որ մեզի
կը խօսի Հօր մը եւ մօր մը քնքշութեամբ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 12 դեկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, ներշնչուելով Եղիշէ Մարգարէի գիրքէն։ Ան ապա ընդգծեց՝ ''Տէրը մեր հետ կը խօսի ինչպէս հայր մը եւ մայր մը կը խօսին իրենց զաւակին''։
Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Եղիշէ մարգարէի հանդիպումին՝ Տիրոջ հետ, լռելեայն մթնոլորտի մէջ, ուր կը յայտնուի Աստուծոյ Սէրը'' հաստատեց, թէ ''այ'ս է մեր Տիրոջ երաժշտական լեզուն եւ մենք որ կը պատրաստուինք ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններուն պէտք ենք մտիկ ընել Անոր։ Ծնունդը կը թուի աղմկարար տօն մը, սակայն քիչ մը ամփոփում մեզ կ՛օգնէ որպէսզի սիրոյ խօսքերը ունկնդրենք'' եւ այս սպասումի մէջ հսկենք։







All the contents on this site are copyrighted ©.