2013-12-12 09:10:58

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝
Հաւատք եւ Աւետարանացում Հովուական Թուղթը՝՝։


RealAudioMP3 Ընտրեալ ժողովուրդը կը հետեւի Աստուծոյ ձայնին,

Հին Կտակարանին մէջ հաւատքի եւ հաւատարմութեան կանչողը Հայր Աստուածն է, որ կը միջամտէ մարդու կեանքին մէջ, կը հրահրէ, կ’ուղղէ եւ կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը օրէնքի հիման վրայ: Ընտրեալ ժողովուրդը կը հետեւի Աստուծոյ ձայնին, կը լսէ անոր հրամանները, բայց, երբեմն կը սայթաքի ու ետ կը վերադառնայ միշտ Աստուծոյ իրեն տուած օրէնքին:
Նոր Ուխտի Կտակարանը, Որդին է, որ Հօր նման կ’ընթանայ իր մեսիանական ժողովուրդին հետ, կը սորվեցնէ կը հրաւիրէ հաւատքի եւ վկայութեան: Այս ուխտը սիրոյ ու շնորհքի օրէնքն է, հիմնուած մարդու ազատութեան եւ արժանապատուութեան վրայ: Աստուծոյ Որդիի Նոր Օրէնքը հետեւորդներուն սիրոյ օրէնքն է, որ Յովաննէսի Աւետարանին մէջ կը գտնենք: Յիսուս կը խօսի իրեններուն ըսելով «Ես կու տամ ձեզի նոր պատուիրանը, որ զիրար սիրէք. Ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, այնպէս դուք զիրար սիրեցէք: Ասով ամէնքը պիտի ճանչնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ դուք սիրէք զիրար» (Յվհ.13, 34-36): Այս է նոր պահանջքը: Աստուծոյ հաւատալ սիրոյ օրէնքին հովանիին տակ: Ընտրեալ նոր ուխտի ժողովուրդը, պարտական է առնել Քրիստոսի Նոր Պատուէրը աշակերտներուն նման եւ երկիւղածութեամբ լսել հետեւեալը «Գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք զիրենք անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Սրբոյ Հոգւոյն… եւ ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս կատարածը (Մատթ.28, 19-20): Արդ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն տարբերու-թիւնը պարզ է. Առաջինը Օրէնքի եւ երկրորդը սիրոյ ու շնորհքի Կտակարան է: Եթէ սիրոյ եւ շնորհքի զաւակներն ենք, ապա պարտինք վկայել մեր կեանքով, բարի օրինակով, բարեպաշտութեամբ եւ հեզութեամբ, փնտռելով այն ինչ որ մեզ կը միացնէ Աստուծոյ, որպէս ընտրեալ ժողովուրդ ու հեռանալ մարդկային բոլոր սայթաքումներէն որ մեզ կարող են իրմէ բաժնել: Յիշենք միշտ հետեւեալ ճշմարտութիւնը.«Աստուծոյ նուիրեալները կը մօտեցնեն հաւատացեալները իրարու, իսկ կորստեան որդիները զանոնք կը բաժնեն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.