2013-12-11 09:52:22

Օպամայի Եւ Քասթրոյի միջեւ աննախադէպ ձեռքսեղմում


Տասնեակ մը միջազգային ղեկավարներ մասնակցեցան «Պատմութեան Հսկայ» Մանտելայի յուղարկաւորութեան
Աւելի քան հարիւր ներկայ եւ նախկին միջազգային ղեկավարներ տասնեակ հազարաւոր հարաւային ափրիկեցիներու կողքին երէկ մասնակցեցան Հարաւային Ափրիկէի նախկին եւ առաջին սեւամորթ նախագահ Նելսըն Մանտելայի ազգային յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ Ճոհաննեսպուրկի մէջ գտնուող ֆութպոլի դաշտի մը մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը վերջին տարիներուն միջազգային ղեկավարներու մեծագոյն հաւաքի մը վերածուեցաւ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ «մարդու մը դամբանականը ըսելը դժուար է… որքան աւելի դժուար է այդ դամբանականը ըսել պատմութեան հսկայի մը համար, որ իր ազգը դէպի արդարութիւն առաջնորդեց»:
Օպամա ըսաւ, որ Նելսըն Մանտելա աշխարհին սորվեցուց գործի ու գաղափարներու ուժը եւ միայն Մանտելայի նման մարդ մը կրնար ազատել ոչ միայն բանտարկեալը, այլ նաեւ բանտապահը:
Ան Մանտելան նկատեց 20-րդ դարու վերջին մեծ ազատարարը` աւելցնելով, որ «Նելսըն Մանտելայի նմանները այլեւս երբեք պիտի չտեսնենք: Մինչ ես Մատիպային (Մանտելայի ցեղախմբային անունը) միշտ պիտի չկարենամ հաւասարիլ, ան զիս կը մղէ աւելի լաւ մարդ մը ըլլալ ուզելու»:
Դէպի բեմ ուղղուելու ընթացքին Օպամա Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրոյի ձեռքը սեղմեց, ինչ որ աւելի քան կէս դարէ ի վեր իրարու հակառակորդ երկու պետութեանց ղեկավարներուն միջեւ աննախադէպ քայլ մըն էր:
Քասթրօ իր արտասանած խօսքին մէջ Մանտելան «արժանապատուութեան եւ յեղափոխական պայքարի գերագոյն խորհրդանիշ» մը նկատեց:
Խօսքեր արտասանեցին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ, Չինաստանի փոխնախագահ Լի Եուանչաու, Նամիպիոյ նախագահ Հիֆիքեփունիէ Փոհամպա, Հնդկաստանի նախագահ Փրանապ Մուխերճի եւ Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Ճէյքըպ Զումա, որուն հասցէին սուլոցներ եղան, սակայն ոչ խօսքը արտասանելուն ընթացքին:
Բրիտանիայէն ներկաներուն շարքին էին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, փոխվարչապետ Տէյվիտ Քլեկ, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Էտ Միլիպանտ եւ նախկին վարչապետներ Կորտըն Պրաուն, Թոնի Պլեր եւ Ճոն Մէյճըր:
Միացեալ Նահանգներէն ներկայ էին երեք նախկին նախագահներ Ճորճ Պուշ, Պիլ Քլինթըն եւ Ճիմի Քարթըր, իսկ Ֆրանսայէն` նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի: Ներկայ էին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ Զիմպապուէի նախագահ Ռոպըրթ Մուկապէ:
Յուղարկաւորութեան ներկայ ոչ քաղաքական դէմքերու շարքին էին Օփրա Ուինֆրի, Պոնօ, սըր Ռիչըրտ Պրանսըն եւ Փիթըր Կապրիել:
Մանտելայի մարմինը երեք օր Փրեթորիոյ մէջ պիտի մնայ, ապա կիրակի օր պիտի թաղուի Իսթըրն Քէյփ նահանգին մէջ գտնուող անոր ծննդավայր Քունու գիւղին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.