2013-12-10 11:32:23

Ուքրանիոյ մէջ լարուածութիւնը կը սրի


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան սրումը մեղմացնելու նպատակով, նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին պատրաստակամութիւն յայտնեց բանակցելու ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ, սակայն միաժամանակ ոստիկանութիւնը սկսած է ցուցարարաներուն կողմէ կարգ մը վայրերու մէջ հաստատուած ապօրինի անցարգելները վերցնել՝ բախումներու մտավախութիւնը ստեղծելով:
Եւրոմիութեան հետ կապերը սերտացնելու գործընացէն ետ կանգնելու Քիեւի իշխանութեանց որոշումին հետեւանքով սկսած ցոյցերը սաստկացած էին անցած շաբաթավերջին, մինչ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլա Ազարով յայտարարած էր, թէ ցուցարարները պիտի չհասնին Եանուքովիչի հրաժարականը ապահովելու իրենց նպատակին, որովհետեւ ատիկա կը հակասէ սահմանադրութեան: «Ամէն ինչ պէտք է կատարուի՝ սահմանադրութիւնը յարգելով», աւելցուցած է ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.