2013-12-10 10:44:39

Դեկտեմբեր 10-ը Մարդու Իրաւունքներու օրն է


Դեկտեմբեր 10-ին աշխարհը կը նշէ Մարդու իրաւունքներու օրը (Human Rights Day): Ան հռչակուած է 1950-ին եւ կը նշանաւորէ 10 Դեկտեմբեր 1948-ին ՄԱԿ-ի կողմէ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի ընդունումը:
Վերջին տասնամեակին իւրաքանչիւր տարի Մարդու իրաւունքներու օրը տեղի կ’ունենայ որոշակի կարգախօսով: 2013-ի կարգախօս ընտրուած է «Պայքարի 20 տարի` ձեր իրաւունքներու համար»: 2012 թուականը՝ «Իմ ձայնս ունի նշանակութիւն» կարգախօսով:
ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը Դեկտեմբեր 10-ը յայտարարած է Լռութեան օր:
Մարդու իրաւունքներու օրուան առիթով Հայաստանի մէջ եւս կը կազմակերպուին շարք մը միջոցառումներ: Ժամը 13:00-էն Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենայ օրուան նուիրուած երթ:








All the contents on this site are copyrighted ©.