2013-12-09 12:21:24

Քիեւի մէջ տապալած են Լենինի արձանը


Քիեւի Բեսարապեան հրապարակին մէջ Լենինի արձանի կազմաքանդումը արտօնուած չէ եղած «Եւրոմայտան»-ի կողմէ, ատիկա այլ մարդոց նախաձեռնութիւնը եղած է, յայտարարած է Պաթքիվշչինա խմբակցութեան պատգամաւաոր Անտրէ Շեւչենքոն: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակչլով Ռիա Նովիսթին:
Կիրակի խումբ մը դիմակաւոր մարդիկ հեռացուցած էին Լենինի արձանը: Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ անոնց ձեռքերուն Ազատութիւն ազգայնական կուսակցութեան դրօշներ եղած են: Ականատեսներու խօսքով, բողոքողները արձանի գլուխը կապած են մետաղալարով, իսկ միւս ծայրը կապելով ծառին պատուանդանէն իջեցուցած են յուշարձանը: Ասֆալտին դիպչելով` պոկոած է արձանին գլուխը եւ ձեռքը: Այնուհետեւ ցուցարարները սկսած են յուշարձանը կոտրել մուրճերով:
Ըստ աղբիւրին, ասիկա Լենինի արձանը հեռացնելու առաջին փորձը չէ: Դեկտեմբերի սկիզբը ցուցարարները ներկած էին յուշարձանը եւ փորձած էին հեռացնել զայն: Ի պատասխան՝ յատուկ ջոկատայինները շրջափակած էին արձանը եւ ուժ կիրառած էին ցուցարարնրուն նկատմամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.