2013-12-09 12:17:14

Քահանայապետական տան քարոզիչին յիսնակաց շրջանին տուած առաջին խորհրդածութիւնը. ''հարկաւոր է վար առնել պատը որ կը բաժնէ եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդէն''։


Հայր Քանդալամեսսա` քահանայապետական տան քարոզիչը, Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին ի պատրաստութիւն պատրաստած է երեք խորհրդածութիւններ ս. ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի մասին։ Իր առաջին խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց սրբութեան վրայ որպէս միջոց Եկեղեցւոյ բարեկարգումին։ Ան ըսաւ որ ''ճշմարիտ բարեկարգողները նախ պէտք են դարձի գան, սրբութեան տենչան որպէսզի իրենց հետ միասին Աստուծոյ ժողովուրդը սրբացնեն''։ Հայր Քանդալամեսսա հաստատեց նաեւ թէ ''Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը պէտք է ըմբռնել որպէս ծառայութիւն եւ ոչ որպէս գերիշխանութիւն''։
Յայտնենք թէ խորհրդածութեան նիստին ներկայ եղան ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Վատիկանի աւագ պատասխանատուները։








All the contents on this site are copyrighted ©.