2013-12-09 12:09:27

Տօնակատարութիւններ Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հիմնարկութեան 30-ամեակին առիթով։


Մոնրէալի հայ կաթողիկէ համայնքը կազմուած ըլլալով հայախօս, արաբախօս եւ ֆրանսախօս հաւատացեալներէ, Հայր Գէորգ Զապարեանի ժողովրդապետական պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր, սովոր է ունենալ համապատասխան լեզուներով կիրակի եւ տօնական օրերուն՝ Պատարագներ եւ Խորհրդակատարութիւններ, այն ինչ որ կը բացատրէ մեծահասակներու եւ պատանիներու զանազան լեզուներով երգչախումբերուն գործօն ներկայութիւնը նոյն եկեղեցիին յարկին ներքեւ:
Նկատի առած վերոյիշեալ իւրայատուկ իրականութիւնը, Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հիմնարկութեան 30-ամեակին բարեբաստիկ առիթով՝ շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն եկեղեցիին յարկին ներքեւ, Ալեմշահ, Սիրտ Յիսուսի, Կռունկ եւ Մանկանց երգչախումբերը ղեկավարութեամբ, յաջորդաբար, Պ. Համբարձում Անդունեանի եւ Տիկին Անթուանէթ Քաատէ-ի բազմալեզու բացառիկ երգահանդէս մը տուին, ընկերակցութեամբ երգեհոնահարներ՝ Նորա Քէթիպեան-Փիլոյեանի եւ Իհապ Հաննայ-ի:
Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ ի ներկայութեան 300-է աւելի հանդիսականներու, նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդին՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանին եւ կնքահայրութեամբ՝ Տիար Վարուժ Ներկիզեանին որուն բացակայութեան՝ զինք փոխարինած էր իր մայրը՝ ազնուափայլ Տիկին Ալիս Ներկիզեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Ալեմշահ երգչախումբի կատարած Հայր մեր-ի բազմաձայն երգեցողութեամբ ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան որ, հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, վեր հանելէ ետք՝ թէ օրուան երգահանդէսը կը զուգադիպի Հայաստանի մէջ պատահած մահասփիւռ երկրաշարժի 25րդ տարեդարձին, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն անվերջանալի աղէտի ոգեկոչման եւ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հիմնադիրի՝ լուսաբնակ Գերապայծառ Եդուարթ Գորդիկեանի ծննդեան 100-ամեակին հետ՝ ներկաները հրաւիրեց յոտընկայս մէկ վայրկեան լռութիւն պահելու ի յիշատակ մեռելոց:
Այնուհետեւ ժողովրդապետ Հայրը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անցած 30 տարիներու ընթացքին կայացած հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գործունէութիւններուն, շինարարութիւններուն, բարեզարդումներուն եւ եկեղեցւոյ ֆիզիքական եւ բարոյական կարեւորութեան՝ հաւատացեալներու քրիստոնէական կեանքին համար: Խօսքը փակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Գերապայծառին, օրուան հանդիսութեան կնքահօր, երգչախումբերուն եւ իւրաքանչիւր խմբերգիչի եւ մեներգիչի, խմբավարներուն եւ երգեհոնահարներուն:
Ան նշեց նաեւ որ նմանօրինակ ամեակներու տօնակատարութիւնները ուրախութեան ու գոհունակութեան առիթներ ըլլալէն բացի՝ նաեւ լաւագոյն պատեհութիւններ են խորհելու համայնքային կեանքին մէջ նոր նուաճումներու ու իրագործումներու եւ անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով՝ նոր եռանդով ու հեռանկարներով աշխատանքը շարունակելու մասին:
Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր երգչախումբ, կատարեց իր երգացանկը, համապատասխանաբար հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ալեմշահ եգչախումբի կատարողութեամբ երգուեցան Եկեղեցին Հայկական, Ողջոյն Քեզ Անարատ Յղացեալ, Աղաչե'ա ( մեներգիչ՝ Էօժէնի Մանուկեան) Եւ Մնա մեր տան մէջ: Սիրտ Յիսուսի երգչախումբի կատարողութեամբ երգուեցան՝ Քազապու كذبوا, Պարէք Պիլատի بارك بلادي , Եա Նա՝պ Էլ Մահապպա يا نبع المحبة, Իմանի Սաթէ ايماني ساطع ՝ եւ Ալ Րապպու Եապնի Քանիսաթի الرب يبني كنيسته: Կռունկ երգչախումբը երգեց Կռունկ-ը Եւ Մեսրոպի զաւակներ-ը, ապա Սիրտ Յիսուսի փոքրերու երգչախումբը երգեց Souffle imprévisible, Noël à Jérusalem, Je voudrais-ն, որմէ ետք փոքրերու երկու երգչախումբերը միաձայն երգեցին հետեւեալները. ֆրանսերէնով՝ Parle commande règne, Nous voulons Dieu եւ իտալերէն լեզուով Sorridi:
Հուսկ, Ալեմշահ եւ Սիրտ Յիսուսի միացեալ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Համբարձում Անդունեանի, թնդացուց Un Chant d’amour-ը եւ Vivaldi-ին Gloria in Excelsis Deo-ն : Յաջողութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ կատարուած բոլոր երգերը ընդունուեցան հանդիսկաններու յոտընկայս ծափահարութիւններուն ներքոյ:
Այս առիթով բոլոր ներկաներուն 20 էջնոց մէկական գրքոյկ մը բաժնուած էր: Գրքոյկը կը բովանդակէր՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները, հանդիսութեան յայտագիրը, երգերուն բնագիրները եւ խմբերգիչներուն անուանացանկը:
Աւարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, ողջունելէ ետք Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 30-ամեակը՝ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետն ու հաւատացեալները, գնահատեց բոլոր երգչախումբերը եւ շնորհակալ եղաւ ժողովրդապետական յանձնախումբին որ կազմակերպած էր սոյն երգահանդէսը: Ան խօսեցաւ մեր դիմագրաւած հարցերու մասին, եւ յորդորեց հաւաքաբար պայքարելու մեր հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն դէմ:
Երգահանդէսէն ետք երգչախումբերուն անդամներն ու բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան «Իբեկեան Եղբարք» սրահին մէջ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ:
**
Յաջորդ օրը, կիրակի, դեկտեմբեր 8-ին, Առաջնորդ Գերապայծառը, ընթերակայութեամբ ժողովրդապետ Հօր, գոհաբանական երկու Պատարագներ մատոյց, մին՝ ժամը 10:30-ին, երգեցողութեամբ Սիրտի Յիսուսի երգչախումբին եւ միւսը՝ ժամը 12:15-ին երգեցողութեամբ Ալեմշահ երգչախումբին, ի ներկայութեան Գանատայի աշխատանքի նախարար՝ Ճէյսըն Քէննի-ի (Jason Kenny) եւ 400-է աւելի հանդիսականներ:
Պատարագի ընթացքին, Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք՝ Մուրատեան Եպիսկոպոսը ողջունելով Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 30-ամեակը, ոգեկոչեց յիշատակը անոնց որոնք ժամանակին այս եկեղեցւոյ համար գործեցին նախանձախնդրութեամբ, հաւատքով եւ նուիրումով: Ան անդրադարձաւ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին մոնրէալահայ համայնքին մէջ տարուած եկեղեցական նկատառելի աշխատանքներուն՝ զանոնք համարելով հրաշքի համազոր գործեր:
Սուրբ Զոհի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ լուսահոգի Գերապայծառ Եդուարդ Գորդիքեանի, իր գործակիցներուն, բարերարներուն եւ հոգաբարձութեան անդամներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Յաւարտ իւրաքանչիւր Պատարագի՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ հիւրասիրութիւն:
Բազմաթիւ 30-ամեակներ կը մաղթենք Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:







All the contents on this site are copyrighted ©.