2013-12-09 10:23:55

Մշտնջենաւոր ուխտադրութիւն Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մայր Տան մէջ։


Կիրակի 8 Դեկտեմբերին, Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մայր Տան մէջ , հայածէս ձայնաւոր ս. պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց եւ օրուան պատշաճի քարոզը արտասանեց գերյարգելի Գրիգորիս Ծ. Վրդ Սէրէնեան, միաբանակից երկու Հայ կոյսեր՝ Քոյր Թերեզա եւ Քոյր Սրբուհի, սիրոյ լապտերը ձեռին, մշտնջենաւոր ուխտադրութիւն կատարեցին, խոստանալով հաւատարմութիւն իրենց կրօնաւորական վիճակին, պատարագիչ վարդապետին ու Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհի` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի ներկայութեամբ:
Պատարագին ներկայ եղաւ նաեւ, բացի միաբանակից քոյրերուն եւ Հռոմաբնակ մի քանի հայ ընտանիքներուն, Լիբանանէն ժամանած, Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Սարգիս Դաւիթեան։
Մեր անկեղծ շնորհաւորութիւնները նուիրեալ քոյրերուն եւ աշխարհի չորս կողմերը ծառայող Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, մաղթելով որ միաբանութիւնը նորանոր կոչումներով հարստանայ շարունակելու համար Հռիփսիմեանց կոյսերուն շառաւիղը` ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.