2013-12-09 13:49:57

Հանդիսաւոր փակում հաւատքի տարուան եւ հռչակում ծիսական տարուան


Նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունցաւ Հաւատքի Տարուան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան թեմական եւ լրատուական գրասենեակներու աշխատակիցներուն եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլի Քաչչա եպիսկոպոսին, արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, Զմմառու Վանքի մեծաւոր գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին, ժողովրդապետ հայրերուն, Անարատ Յղութեան քոյրերուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Տիար Անդրանիկ Մսըրլեանին, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն եւ միութեանց ներկայացուցիչներուն, եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը։

Նախքան եկեղեցական արարողութիւնը, ամենպատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ պաշտօնական անձնաւորութիւնները դիմաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր հիւրասիրուեցան Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւող Տիկնանց յանձնախումբի ազնուափայլ անդամուհիներուն կողմէ։ Ապա, ուղղիղ ժամը 7-ին եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ հանդիսաւոր թափօրով անոնք ուղղուեցան եկեղեցի, Հ.Կ.Մ.ի Զալքայի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ անոր ուղեկցող պաշտօնական անձնաւորութեանց եկեղեցի մուտքը դիմաւորուեցաւ «Հաւատով Խոստովանիմ»ի կատարումով (Երաժշտութիւն՝ Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի) երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին։

Եկեղեցական արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին անունով՝ փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանին կողմէ հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով արտասանուած բարի գալուստի խօսքով, որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Օրհնութեան Գիրին ընթերցումը Պապական Նուիրակին կողմէ։
Քահանայապետական Օրհնութեան Գիրի ընթերցումին յաջորդեց Նարեկացի Կեդրոնին կողմէ պատրաստուած տպաւորիչ տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը (), որուն ընդմէջէն եկեղեցին լեցնող հաւատացեալ հասարակութիւնը առիթը ունեցաւ վերապրելու Հաւատքի Տարին յատկանշող այն պահերը, որոնք հոգեւոր պատգամներով հաղորդուելու առիթներ եղան։
Այնուհետեւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սրբազան արարողութեանց բացման աղօթքը կատարեց եւ Տէր Սեւակ սրկ.ը Աւետարանը երգելով կարդաց:

Քրիստոնէական հաւատքի ապրումով դրոշմուած մթնոլորտը աւելի եւս հոգեպարար դարձաւ ներկայ հաւատացեալներու ներկայացուցիչներուն կողմէ դիտաւորութիւններու կատարումով Խորանին առջեւ եւ Մարալ Աթէշեանին տպաւորիչ վկայութեամբ հաւատքի մասին։ Այս գեղեցիկ վկայութենէն ետք, բոլոր հաւատացեալները, միաբերան Հաւատքի հանգանակը կատարեցին, որմէ ետք հայր Ղազար վրդ. հայերէնով երգեց ,Ողջոյն Քեզ Մարիամi տաղը:
Հաւատքի տարուան երեք դասախօսական շարքերու մասին, Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, հրաւիրեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որպէսզի վկայականները յանձնէ Հաւատքի Տարուան դասախօսութիւններուն հետեւած հաւատացեալներուն:
Արծիւեան երգչախումբին կողմէ «Զինչ տաց տրիուր»ի կատարումէն ետք ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պահպանիչով փակեց Հաւատքի Տարին, միաժամանակ հռչակելով Ծիսական Տարին:







All the contents on this site are copyrighted ©.