2013-12-09 11:42:13

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուծոյ Համբերութեան Բաժակը Յորդելու Սկսած Է…


Սիրելի՛ հայր Միքայէլ, այսօր կիրակի է: Ս. պատարագը, որուն ամէնօրեայ մատուցումէն առեւանգող եղբայրներդ ամիսներէ ի վեր զրկած են քեզ` հազիւ երկու տարուան ձեռնադրուած կուսակրօն քահանադ Բարձրեալին, կիրակնօրեայ պահն եղաւ ունկնդրելու աւետարանական ընթերցումը, որ ունէր երկու բաժին:
Աստուածաշնչական գրականութեան մէջ առաջին մասը կը խորագրուի իբրեւ «Ապաշխարութեան հրաւէր»: Գիտեմ, սիրելի՛ս, թէ դուն չես կրնար ընթեռնուլ զայն, բայց ջերմ խնդրանքս է, որ սիրելի՛ ազատները կարդան այս հատուածը (Ղկ. 13,1-5):
Մարդիկ պատմեցին Յիսուսին, թէ Պիղատոս` հռոմէացի կուսակալը, տաճարին մէջ կոտորած էր գալիլիացիներ` անոնց արիւնը խառնելով իրենց զոհերու արիւնին:
Յիսուսի դիմադարձումը կը բովանդակէ շեշտակի հարցադրում եւ կտրուկ հաւաստիացում մը.«Կը կարծէ՞ք, որ այն գալիլիացիները աւելի մեղաւոր էին, քան միւս բոլոր գալիլիացիները, որովհետեւ ունեցան այսպիսի բախտ… Կ՛ըսեմ ձեզի. «Ո՛չ»: Սակայն, եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»:
Յստակ է, թէ ինչպէս անցեալին մէջ կային մարդեր ու յատկապէս փարիսեցիները, որոնք իրենք զիրենք զգեստաւորած էին անմեղութեան ու սրբութեան բեհեզներով` անտեսելով ապաշխարութեան հրաւէրն Աստուծոյ, այնպէս ալ թէ՛ ներկային մէջ այսպիսի մարդեր բազմաթիւ են եւ թէ՛ մեր շարքերէն ներս կը վխտան փարիսեցիները` նոյն ինքնահաւան մտածելակերպով ու ապրելաձեւով:
Յիսուս, սակայն, որ կը ճանչնայ մարդերն ու մեզ, անցեալին ու ներկային մէջ, այս անգամ ի՛նք յիշեցուց «այն տասնութ հոգիները, որոնց վրայ փլաւ Սելովամի աշտարակը եւ սպաննեց զանոնք: Կը կարծէ՞ք, որ աւելի մեղաւոր էին, քան` Երուսաղէմի միւս բնակիչները: Կ՛ըսեմ ձեզի` «Ո՛չ»: Սակայն, եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»:
Ապաշխարութեան հրաւէրը խանդաղատանքի հրաւէրն է մարդասէր Աստուծոյ կողմէ, իսկ մեր կողմէն` հաւատքի ու խոնարհութեամբ գործադրումն է մեր աստենական երջանկացումին եւ անդենական հրճուանքին համար:
Յիսուսի մօտ եւ համար խտրութիւն չկայ. ազատարար ապաշխարութեան հրաւէրն ուղղուած է բոլորին, որովհետեւ Աստուածային Հրաւիրողին ճիշդ տեսանկիւնէն, խօսքո՛վ եւ գործո՛վ, բոլոր մարդերը մեղանչական ու մեղաւոր են:
Սպանութիւններն ու աղէտները, որոնք միշտ դիպած են, կը դիպին եւ պիտի դիպին դժբախտաբար, ահազանգային կոչերն են մարդերու սթափումին ու զգաստացումին: Անոնց դիպումով` մարդերը խելաբերելու եւ խելօքնալու են: Այսպէս, զղջումի ու ապաշաւի գալու են, եւ այն` պարզապէս իրենց բարիքին համար լոկ…
Պիղատոսներու ոճրագործութիւնները, որոնք միայն գործադրողներու եւ գործադրել տուողներու դատապարտութեան համար են, կրնային ու կրնան ըլլալ առիթներն ուրիշներու փրկութեան: Օրինակ` երէկի եւ այսօրուան պիղատոսներու չարագործութիւններէն սարսափողը սարսափելու է նաեւ իր անզեղջ անձէն ու անուղղայ ընթացքէն, քանի կարող է գործել նոյն չարութիւնները, երբ իր անապաշխար կեանքով հեռացած է Աստուծմէ, այսինքն` պարպուած է սէրէն, արդարութենէն եւ գթասրտութենէն:
Ուշադրութի՛ւն: Ինչպէս հռոմէացի կուսակալին սպանութիւնները աննշան սկիզբն էին Երուսաղէմի պաշարումին եւ կործանումին դժբախտութիւններուն, նոյնպէս բազմադէմ պիղատոսներու չարագործութիւնները շատ փոքր նմանութիւնն են դժոխքի դատապարտութեան ու պատուհասին:
Ուշադրութի՛ւն: Աղէտներ ու չարագործութիւններ միշտ պիտի ըլլան. քրիստոնեան պիտի գիտնայ զանոնք ուղի՛ղ հասկնալ եւ ճի՛շդ մեկնաբանել: Անոնց դիմաց` ան միայն պիտի չընդվզի, այլ նաեւ պիտի բախէ իր կուրծքը` ըսելով.«Մեղայ, Տէ՜ր, ողորմէ ինծի, որ ուզեմ ու կարենամ ապաշխարել»:
Մեր ապաշխարութեան եւ ապաշաւ դարձին ընթացքը որոշուած ժամանակն է Աստուծոյ սպասումին ու համբերութեան, որոնց իմաստալից առակին վերտառութիւնն է «Անպտուղ թզենին» հատուածը` երկրորդ մասը այսօրուան աւետարանին (Ղկ. 13,6-9):
Տէրը իր պարտէզին մէջ տնկած թզենիէն պտուղ մը ուզեց քաղել, բայց չգտաւ. այսպէս` երեք տարի շարունակ: Համբերութիւնը հատաւ. հրամայեց պարտիզպանին, որ կտրէ անպտուղ եւ «հողին ուժը» սպառող թզենին…
Հոս, Յիսուս կը զգուշացնէ մեզ, որ Աստուծոյ անըմբռնելի համբերութիւնն ունի իր սահմանագիծը… Ահաւոր է մտաբերել, թէ Տիրոջ երկայնամտութիւնը սպառած է, համբերանքը հատած է… Ապա, այլեւս յոյս չի մնար եւ ալ փրկութիւն չկայ մեզի համար:
Թզենիին պատահածը մեզի ալ կրնայ դիպիլ, երբ ունինք ամուլ կեանք մը: Այսպէս, Յիսուս կը հաստատէ, թէ կ՛ապրինք անպտղաբեր եւ անիմաստ առօրեայ մը, քանի կեանքին իմաստը կը կայանայ մեր պտղաբերումին մէջ: Աստուած պահանջներ ունի մեզմէ, որովհետեւ մենք Անոր սեփականութիւնն ենք:
Այս ճշմարտութիւններուն երբ չենք համապատասխաներ, Աստուծոյ «համբերութեան բաժակը» յորդելու կը սկսի.«Այս երրորդ տարին է, որ կու գամ այս թզենիէն պտուղ քաղելու եւ չեմ գտներ: Կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ կը սպառէ երկրին ուժը»:
Եւ ահա, այս րոպէին, կը միջամտէ անակնկալ Բարեխօսը` Յիսուս, որ կը հայցէ յետաձգումը դատապարտող ու հատու վճիռին: Կ՛առաջարկէ շնորհքի տարի մը, որ կարենանք ապաշխարել ու պտղաբերել: Յստակ ըլլայ մեզի, թէ Միջնորդ-Յիսուսի այս հոգեսէր միջոցառումը մեզի համար վերջին առիթն է շնորհքին, որ կը տրուի մեզի:
Ապարդիւն չդարձնենք, որովհետեւ, ուշադրութի՛ւն, Աստուծմէ տրուած շնորհքին պայմանաժամն արդէն ընթացքի մէջ է եւ կը դիմէ իր վախճանին:
Այնճար, 1 դեկտեմբեր 2013







All the contents on this site are copyrighted ©.