2013-12-09 12:16:56

Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Տօնին առթիւ Հռոմ քաղաքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ միասին մեծ շուքով մեծարեցին Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամը։


Կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013, տօն Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ, Հռոմի հրշէջները առաւօտեան ժամը 7.30ին շրջապատած էին Հռոմի կեդրոնը գտնուող ''Սպանիա'' անուան հրապարակը, ուր կը բարձրանայ Անարատ Յղութեան արձանը, մեծարելու՝ իրենց պաշտպան Սրբուհին։
Հրշէջներէն ամենէն տարեցին տրուեցաւ պատիւը որ բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ զետեղէ ծաղկեպսակ մը, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անձամբ Սպանիա հրապարակ ուղղուեցաւ եւ մեծարեց Ս. Կոյս Մարիամը, անոր ոտքին առջեւ զետեղելով ծաղկեփունջ մը, ու խնդրելով Անոր բարեխօսութիւնը ի պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ, Հռոմ քաղաքին ու համայն մարդկութեան։ Ան մասնաւորապէս Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրեց ''որ աղքատներու աղաղակը անտարբեր չթողու հաւատացեալները''։
Սրբազան Հայրը ուզեց մէկ առ մէկ ողջունեց անկար հիւանդները, որոնք եկած էին զանազան վայրերէն եւ մասնաւորապէս Սարտենիա կղզիէն, որ վերջերս թիրախ եղած է ջրհեղեղեններու ու ողողումներու։
Յայտնենք թէ Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուեցաւ ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1845ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորեց արձանին բացման արարողութիւնը 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն սկսեալ, ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։
Նախքան Վատիկան վերադառնալը ֆրանչիսկոս Քահանայպետը այցելութիւն կատարեց Տիարամօր աւագ տաճարին, անոր սրբանկարին առջեւ ծաղկեփունջ մը զետեղելով։Այս, Նորին Սրբութեան վեցերորդ այցելութիւնն է` Մարեմեան տաճարին։
Իսկ Կիրակի 8 դեկտեմբերի կէսօրին, իր գրասենակի պատուհանէն, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմնեան աղօթքը արտասանեց տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. ''Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան խորհուրդը մեզի համար օտար խորհուրդ մը չէ եւ բոլոր քրիստոնեաները կառչած են Տիրամօր''։ Նորին Սրբութիւնըհաւատացեալներէն խնդրեց որ միաբերան երեք ամգամ արտասանեն ''Լի շնորհոք'' Գաբրիէլ Հրեշտակին ողջոյնի խօսքը։ ''Տիրամայրը մեր մայրն է եւ Աստուած իր հայացքը կ'ուղղէ բոլորիս վրայ մեզ կանչելով մեր անունով եւ մականունով'' ըսաւ Քահանայապետը խօսքը եզրափակելո ու բացագանչելով. ''գեղեցիկ է Մարիամ, մեր մայրը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.