2013-12-07 12:03:19

Փախստականներու գծով ՄԱԿի գլխաւոր տեսուչը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ քննարկեց Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւններու հարցը։


Վեց դեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց տիար Անթոնիօ Կութերես` ՄԱԿի գլխաւոր տեսուչը Փախստականներու գծով։ Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը եղաւ` Սուրիոյ սահմանագիծ երկիրներու մէջ ապաստան գտած երկու միլիոնէ աւելի սուրիացիներուն օգնութեան հասնելու հարկաւորութեան հարցը։
ՄԱԿի գլխաւոր տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին իր տածած աշխատանքին համայն աշխարհին ճանչցնելով սուրիացի փախստականներու տխուր իրավիճակը եւ քաջալերելով երկիրները աւելի հիւրընկալ ըլլալու հանդէպ գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.