2013-12-07 12:42:12

Խօսէ' ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին


RealAudioMP3 Ս. Երրորդութեան Խորհուրդը:
Հրէութիւնն ու իսլամութիւնը քրիստոնէութեան հետ միասնաբար կը դաւանին մէ՛ Աստուած, բայց կը մերժեն Աստուծոյ երեք Անձ ըլլալը, այսինքն` Ս. Երրորդութիւնը: Քրիստոնեայ կրօնին համար` Աստուած ո՛չ միայն մէ՛կ Աստուած է, այլ նաեւ երեք հաւասար անձ է. Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Հոգի Աստուած: Երեք Անձ, բայց ո՛չ երեք Աստուած: Քրիստոնեաներուս համար` Ս. Երրորդութեան Երկրորդ Անձը` Որդին Յիսուս, մարդացաւ` Աստուած մնալով հանդերձ:
Այս երեք Անձերուն ի պատիւ եւ Ս. Երրորդութեան իբրեւ դաւանանք` քրիստոնեաները իրենք զիրենք կը խաչակնքեն, ըսելով.- Յանուն Հօր, եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ:

Ս. Եկեղեցիին Խորհուրդը:
Ս. Եկեղեցին շարունակութիւնն է Քրիստոսի մարմնացեալ Անձին, Անոր վարդապետութեան եւ փրկչագործ առաքելութեան: Ս. Եկեղեցին ժառանգորդն ու գործադիրն է Քրիստո-
սի քարոզած կրօնին: Ս. Եկեղեցին ընդհանրական է, այսինքն` ամբողջ մարդկութեան համար է:
Քրիստոնեայ Կրօնին Յաղթութեան Պատճառները
Քրիստոնեայ կրօնին գերազանցութիւնը եւ իր բարոյական վսեմութիւնը, բաղդատած միւս կրօններու, մէծ դժուարութիւն պատճառեց եւ դժուարընդունելի կրօն մը նկատուեցաւ իր ժամանակակից ժողովուրդներուն կողմէ:
Կրօնին դժուար հասկանալիութեան` աւելցուցէ՛ք զայն քարոզողներուն հանգամանքը: Արդարեւ անոր առաջին քարոզիչ առաքեալնները հասարակ ձկնորսներ էին, որոնք Քրիստոսը քարզել սկսան ո՛չ թէ Ափրիկէի ցեղախումբերուն, այլ իրենց շրջանի ու ժամա-նակի ամենազարգացած եւ ամենաքաղաքակիրթ ժողովուրդներուն. Յոյներուն եւ հռոմայեցիներուն: Մէկ խոսքով` քրիստոնէութիւնը իր դէմ ունեցաւ իր ժամանակի աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը` մշակոյթով եւ իր բանակներու զօրութեամբ. Հռոմէական կայսրութիւնը: Եւ սակայն իր անմատչելի Խորհուրդներով այս խիստ կրօնը նուաճեց հռոմէական հզօր աշխարհը: Քրիստոնէութիւնը իր առաջին երեք դարերուն ընթացքին` անհաւասար գօտեմարտ մը մղելէ ետք ընդդէմ հեթանոս աստուածներուն եւ այլասերած բարքերունվե որոնք այդ ժողովուրդներուն մէջ դարերէ ի վեր արմատացած էին, ան ի վերջոյ բոլորին դէմ յաղթանակեց ու դարձաւ կայսերական կրօն:
Արդ ի՞նչպէս բացատրել կամ ի՞նչ բանի վերագրել քրիստոնէութեան այս հրաշալի յաղթանակը: Եթէ մէկ կողմէն` կարգ մը մարդկային ազդակներ նպաստեցին քրիստոնէութեան տարածումին կամ յաջողութեան, սակայն միւս կողմէ վեր՛ եղաւ նաեւ գերմարդկային տուալները, որոնց յաջողութիւնը մարդկօրէն անբցատրելի կը մնայ:

1_ Մարդկային նպաստաւոր ազդակները:
ա) Հրեայ սփիւռքի մը գոյութիւնը: Հրեայ գաղութները, որոնք հռոմէական բազմաթիւ գաղութներուն մէջ կայք հաստատած էին, միջերգրական աւազանէն սկսեալ, իբր բնական խարիս-
խներ ծառայեցին առաքեալներուն առաջն քարոզութիւններուն: Առաքեալները հրեայ ըլլալով, նախ եւ առաջ հրեաներուն գացին: Սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ թէ առաջին ու գլխաւոր հակառա-կորդներն ալ այդ նո՛յն հրեայ գաղութներն եղան, ինչպէս կը կը կարդանք Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ, որ պատմութիւնն է Եկեղեցւոյ առաջին քայլերուն:
բ) Հռոմէական կայսրութիւնը- Քրիստոնէութիւնը աշխարհագրականօրէն ծնունդ առաւ միջերկրա-կանին շուրջ, իսկ քաղաքականօրէն ծաւալեցաւ հռոմէական կայսրութեան ծոցին մէջ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանը` այդ շրջանին:
(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.