2013-12-07 09:40:17

7 Դեկտեմբեր 1988. Ժամը 11:41. Սպիտակի Երկրաշարժին Սպիացող Վէրքերը եւ Շարունակուող… Ցաւերը


Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուծը


Քառորդ դար անցած է արդէն 7 Դեկտեմբեր 1988ի այն չարաղէտ օրէն ասդին, երբ ահաւոր երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, տասնեակ հազարներով հայ մարդոց, յատկապէս մանկահասակներու կեանք խլեց եւ, Հայաստանի հետ, ցնցեց ամբողջ աշխարհը։
Դեկտեմբեր 7ի օրը, 25 տարի առաջ, Երեւանէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հաւասարապէս հայ թէ օտար մարդիկ զարհուրանքով հետեւեցան Սպիտակէն սկսած եւ ամբողջ Շիրակի դաշտը մեծ գերեզմանոցի մը վերածած երկրաշարժի ցնցիչ լուսանկարներուն։
Անխտիր ամէնքն ալ ոչ միայն համակուեցան մարդկային եւ նիւթական ծանրագոյն կորուստներու խոր ցաւով, այլեւ սարսափով հաստատեցին, թէ բնութեան դէմ որքա՜ն անզօր են տակաւին մարդ էակն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը… գիտական իրենց բոլոր յայտնագործումներով եւ նուաճումներով հանդերձ։
1988ի այդ օրը, ճիշդ ժամը 11:41ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի մէջ, ընդհանրապէս Կիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան եւ իրենց փլատակներուն տակ թաղեցին սերունդներու կենսունակութեան արգասիքը։
Կործանարար երկրաշարժը խլեց աւելի քան 35.000 զոհեր, իր ետին ձգեց 130.000 տարբեր աստիճանի վիրաւորներ, իսկ 500.000 հոգի դատապարտեց անտուն ու անօթեւան կեանքի…
Մասնագիտական գնահատումով՝ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 3.000.000.000՝ եւրոյի վնաս պատճառեց։
Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնած է Աղէտի Գօտին։ Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ։ Կիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ՝ Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները։
Թէեւ դեռ չէ անցած կսկիծը հարիւր հազարաւորներու, որոնք երկրաշարժէն 25 տարի ետք ալ տակաւին կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը.
Թէեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս այսօր կ’ոգեկոչէ 25րդ տարելիցը 1988ի աղիտալի երկրաշարժին.
Բայց արդէն սպիացած են վէրքերը, որքան ալ ցաւն ու վիշտը տակաւին զգացնեն իրենց անդարմանելիութիւնը։
Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ոչ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ ողջ աշխարհին ու մարդկութեան։
Սպիտակի աղէտը առաջացուց միջազգային սըրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով՝ մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ու զօրակցութեան ոգին։
Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած բնական հարուածին ուժգնութիւնը։
Աննախընթաց տարողութեամբ բարձր աստիճանի երկրաշարժը, վստահաբար, այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ իրենց կառուցման ժամանակ բնակութեան ու աշխատանքի շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային։
Սպիտակի երկրաշարժէն քառորդ դար ետք մասնագէտները արդէն դառնութեամբ եւ ընդվզումով կը հաստատեն, որ 1988ի կորուստներուն 80 տոկոսը հետեւանք էր շինարարական խղճմտութեան պակասին։
Հայուն խորագոյն ցաւը, երկրաշարժէն 25 տարի ետք, կը շարունակէ մնալ ճնշող դառնութիւնը այն իրականութեան, որ ինչպէս խորհրդային՝ օտարոտի բռնատիրութեան տարիներուն, նաեւ մեր օրերուն, ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, տակաւին կը տիրեն մեր ժողովուրդի արարած արժէքներուն եւ հանրային հարստութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուելու պետական իշխանութեան շիլ մօտեցումները։
Այս բոլորով հանդերձ՝ Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ։ Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ՝ մէկ մարդու պէս Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական կամրջումը։
Աղէտէն ամիսներ առաջ, Արցախեան շարժման պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջատիրական միասնութիւնը բառացիօրէն կրցաւ, Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու իր զօրաշարժով, ջնջել իր յաղթարշաւը արգելակող սահմանագծումներն ու սահմանափակումները։
Իր խորագոյն կսկիծին մէջ անգամ, 1988ի դեկտեմբերեան այդ օրերուն, հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի միացում պահանջեց եւ համազգային վճռականութեամբ բռունցք բարձրացուց։
Վերանկախացեալ Հայաստանը պատմական տարողութեամբ բախտորոշ ամբողջ ճամբայ մը հարթած ու կտրած է Սպիտակի երկրաշարժէն ասդին։ Բայց ամէն տարի, Դեկտեմբեր 7ի օրը, աշխարհով մէկ տարածուած ողջ հայութիւնը, անդարմանելի կորուստի կսկծանքով իր հայեացքը կը կեդրոնացնէ Սպիտակի երկրաշարժին սպիացող վէրքերուն եւ սպի չկապող ազգային ցաւերուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.