2013-12-06 12:28:41

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 6 դեկտեմբերի գործունէութիւնը։ Հանդիպում ''Աստուածաբանական Միջազգային յանձնախումբի'' անդմաներուն հետ։


Ուրաբթ 6 դեկետմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի ''Ռէտէմթորիս Մաթէր'' Մատրան մէջ, մասնակցեցաւ Յիսնակաց շրջանի առթիւ` Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսայի ներկայացուցած առաջին մտածականին, որուն նիւթն էր` ''Ասիզացիի Ֆրանչիսկոսը եւ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը սրբութեան ճանապարհով''։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ժամը 9,45-ին, իր գրասենեակի մէջ, յաջորդաբար ընդունեց` Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Անթոնիօ Գանիզարէս Լովէրան եւ Կարտինալ Գարլ Ժոզէֆ Պէքէր։ Ժամը 10,30-ին ընդունեց ՄԱԿԻ փախստականներու գերագոյն յանձնակատար` Տիար Անթոնիօ Կուդերրէս որմէ ետք ընդունեց` գերապայծառ Ժոզէֆ Սբիդէրի` Փղոսկրեայ Ափունքի առաքելական նուիրակ եւ գերապայծառ Էտկար Բէնիա Բարրա` Փաքիստանի առաքելական նուիրակ։ Սրբազան Հայրը հուսկ ժամը 12,10 անց, Քահանայապետներու Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Աստուածաբանական Միջազգային յանձնախումբի 32 անդամներուն որոնք 2 - 6 դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարած էին իրենց լիագումար նիստը` նախագահութեամբ` յանձնախումբի նախագահ, գերապայածառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրի։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց Աստուածաբաններու եկեղեցական ծառայութեան կարեւորութիւնը` Աստուծոյ ժողովուդին կեանքին ու անոր առաքելութեան ի սպաս։ Աստուածաբանութիւնը գիտութիւն եւ իմաստութիւն է - ըսաւ Քահանայապետը - եւ Աստուածաբանները Եկեղեցւոյ ու մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան ռահվիրաներ են։ Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց վերոյիշեալ ժողովի ընթացքին շօշափուած կարեւոր նիւթերու վրայ, Միաստուածութեան, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը Քրիստոնեայ վարդապետութեան լոյսին տակ եւ ''Հաւատքի ապրումի'' հարցը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ներկաներուն վրայ հայցեց Անարատ Յղութեան բարեխօսութիւնը որպէսզի իրենց մէջ աճի պաշտամունքի եւ աղօթքի հոգին եւ ըլլան Եկեղեցւոյ իսկական ծառաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.