2013-12-06 12:28:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հեռագիրը Նելսոն Մանտելայի մահուան ի լուր։


Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 5-ին, երեկոյեան ժամը 20:50-ին, Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան նախկին նախագահ` 95 ամեայ Նելսոն Մանտելան կնքեց իր մահկանացուն։
Ի տես այս տխուր իրողութեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռագիր մը ուղղած է Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նախագահ` Ճեյքըփ Զումին, որուն մէջ յայտնած է իր ցաւը եւ մօտիկութիւնը Մանտելայի ընտանիքին, կառավարութեան անդամներուն եւ Հարաւային Ափրիկէի համայն ժողովուրդին, խնդրելով Տիրոջմէ որ մխիթարութիւն շնորհէ ու ամրապնդէ բոլոր անոնք որ սուգի մէջ կը գտնուին։
Սրբազան Հայրը հեռագիրին մէջ մատնանշեց Մանտելայի նպաստը` ի շահ մարդկային արժանաւորութեան ու անոր `բռնութեան դէմ, հաշտեցումի եւ ճշմարտութեան ի սպաս նուիրական գործին եւ վկայութեան։
Կ՛աղօթեմ - գրած է Քահանայաետը - որ Հարաւային Ափրիկէի նոր սերունդները ներշնչուին Մանտելայի օրինակէն եւ արդարութիւնն ու հասարակական բարիքը ընտրեն որպէս հիմք` իրենց քաղաքական ձգտումներուն։ Սրբազան Հայրը հեռագիրը եզրափակեց Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին վրայ հայցելով Աստուածային շնորհքները, խաղաղութիւն ու բարգաւաճում։








All the contents on this site are copyrighted ©.