Թուրքիոյ մէջ Հայ ընտանիքը շահած է իր երեխաները հայկական դպրոց ուղարկելու դատը։
Թուրքիոյ մէջ բնակող եւ վերջերս քրիստոնէական հայկական ինքնութեան մկրտուելով վերադարձած
հայ ընտանիքը դատարանով կրցած է իր երեխաները հայկական դպրոց ուղարկելու իրաւունքը ստանալ: Ինչպէս
կը հաղորդէ «Արմէփրես»-ը` վկայակոչելով հայկական «Ակօս» պարբերականը, երեխան նախապէս
չէին արձանագրեր հայկական դպրոց` պատճառաբանելով, որ ան մահմեդական է: Դատարանը երեխան
հայկական դպրոց յաճախելու թոյլտուութիւն տուած է, երբ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յատուկ
գրութիւն մը ուղարկած է` ապացուցելով, որ երեխային ծնողքը հայ է, եւ զայն դպրոց չընդունելու
համար հիմքեր չկան: Ընտանիքին փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հաւաւուրթը նշած է, որ դատարանի ընդունած
այս որոշումին շնորհիւ իր պաշտպանեալին երեխաները կրնան յաճախել հայկական դպրոց: «Այս
որոշումը կրնայ նախադէպ դառնալ միւս աշակերտներուն համար, որոնք կը ցանկանան հայկական
դպրոց յաճախել»,- ըսած է փաստաբանը` նշելով, որ դպրոցներու մէջ ազգութեամբ արձանագրելը
այլեւս կրելի ինքզինք չարդարացներ: Ան յայտնած է, որ իրենք պիտի շարունակեն իրաւական
պայքար մղել Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գործի դրուած խտրական մեքանիզմը վերացնելու համար: Սթամպուլի
կրթութեան տնօրինութեան գրութիւն մը բացայայտած էր ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու ինքնութեան
(ծննդեան) վկայականներուն մէջ գաղտնի` «2» ծածկագիր դրուելուն փաստը: Թուրքիոյ կրթութեան
նախարարութեան Սթամպուլ քաղաքի բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ
պաշտօնական գրութեան մէջ կ’ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի պայմանագիրով փոքրամասնութիւն
ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու ինքնութեան վկայականներուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ
գաղտնի ծածկագիր, որ յոյներուն համար սահմանուած է «1», հայերուն համար`«2», հրեաներուն
համար`«3» թիւը: Ատիկա պարզուած էր, երբ ծագումով հայ կին մը, որ վերջերս վերադարձած
էր իր արմատներուն` ընդունելով քրիստոնէութիւնը եւ մկրտուելով հայկական եկեղեցւոյ մէջ,
որոշած էր իր որդին ուղարկել հայկական դպրոց: Կինը իր ինքնութեան վկայականին մէջ սահմանուած
կարգով փոխած էր կրօնի մասին գրառումը: Սակայն, երեխային հօր վկայականին մէջ կրօնը նշուած
էր «մահմետական»: Հայկական դպրոցի տնօրինութիւնը երեխային դպրոց ընդունելու համար անոնցմէ
պահանջած էր գրութիւն բերել Սթամպուլի կրթութեան տնօրինութենէն, ուր պէտք է պաշտօնապէս
նշուած ըլլար, որ այդ երեխան հայկական դպրոց ընդունելու որեւէ խոչընդոտ չկայ: