2013-12-06 11:35:31

Զրոյց քառասունիններորդ–Գլուխ Ա.Աստուած եւ ծէսը - 2


Հարցում թիւ 174. Ինչու՞ հաւատքը Յիսուս­Քրիստոսի հանդէպ` բաւարար չէ. Ինչու՞ Աստուած մեզի կը պարգեւէ նաեւ խորհուրդները։
Հարկաւոր է եւ կարող ալ ենք մենք Աստուծոյ հասնիլ մեր բոլոր զգայարանքներով, եւ ոչ միայն խելքով։ Ասոր համար է որ Աստուած կը նուիրէ ինքզինք մեզի, երկրաւոր զգալի նշաններով, զոր օրինակ` հացը, գինին, իւղը, նաեւ խօսքերը, օծումները եւ ձեռնադրութիւնները։
Մարդիկ տեսան Յիսուսը, զինք լսեցին, կրցան դպչիլ իրեն եւ զգացին փրկութիւնն ու բժշկութիւնը իրենց մարմիններուն եւ հոգիներուն մէջ։ Նոյնպէս ալ` Խորհուրդներու զգալի նշանները կը կրեն իրենց մէջ կնիքն Աստուծոյ, որ կ՛ուղղէ իր խօսքը մարդոց, իրենց բոլոր էութեան համար, եւ ոչ միայն իրենց իմացականութեան համար։

Հարցում թիւ 175. Ինչու՞ խորհուրդները կը պատկանին Եկեղեցւոյ. Ինչու՞ իւրաքանչիւր անձ չի կրնար զայն օգտագործել այնպէս ինչպէս ինք կ՛ուզէ։
Խորհուրդները պարգեւն են Քրիստոսի` տրուած իր Եկեղեցւոյն, որ պարտի զանոնք բաշխել, բայց նաեւ զանոնք պաշտպանել զեղծարարութիւններու դէմ։
Յիսուս յանձնեց իր խօսքերն ու խորհրդական նշանները մարդոց անձնապէս, այս պարագային` առաքեալներուն, որպէսզի իրենց կարգին` զանոնք փոխանցեն ուրիշներու։ Չյանձնեց զանոնք անանուն ամբոխի մը։ Այսօրուայ խօսքերով` պիտի ըսէինք թէ ան չթողուց իր ժառանգութիւնը համացանցի վրայ, մուտքը ազատ ձգելով, այլ զայն պարփակեց որոշ մասնատեղի (site) մէջ։ Խորհուրդները Եկեղեցւոյ համար են եւ Եկեղեցւոյ կողմէ տրուած։ Անոնք Եկեղեցւոյ համար են, որովհետեւ Եկեղեցին, որ Քրիստոսի մարմինն է, հիմնուած, սնուցուած եւ ուղղուած դէպի կատարելագործում` խորհուրդներով։ Անոնք Եկեղեցւոյ կողմէ յառաջ կու գան, որովհետեւ խորհուրդները Քրիստոսի Մարմնոյն հզօրութիւնն են, զոր օրինակ` հաշտութեան խորհուրդը, որուն մէջ` Քրիստոս, որու ներկայացուցիչն է վարդապետը, կը ներէ մեր մեղքերը։

Հարցում թիւ 176. Որո՞նք են այն խորհուրդները զորս միայն մէկ անգամ կը ստանանք մեր կեանքին մէջ։
Մկրտութիւնը, Դրոշմը եւ Քահանայական Կարգը. Այս երեք խորհուրդները կը դրոշմեն քրիստոնեան անջնջելի կնիքով մը։ Մկրտութիւնը եւ Դրոշմը զինք կը դարձնեն Աստուծոյ զաւակը, միանգամ ընդ միշտ, նման Քրիստոսի. Իսկ քահանայական Կարգը կու տայ իրեն նոյնպէս անջնջելի խորհրդական նկարագիր մը։
Ինչպէս որ միանգամ ընդ միշտ մեր ծնողաց որդին ենք, եւ ոչ թէ երբեմն երբեմն, կամ քիչ թէ շատ, նոյնպէս ալ` մկրտութեամբ եւ դրոշմով կը դառնանք միանգամ ընդ միշտ Աստուծոյ որդիներ, նման Քրիստոսի եւ անդամ իր Եկեղեցւոյն։ Նոյնն է պարագան քահանայական կարգին, որ հասարակ գործ մը չէ զոր կը կատարենք մինչեւ հասնինք թոշակառութեան տարիքին, այլ շնորհք մըն է որ կը ստանանք անդառնալի կերպով։ Որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ է, այս խորհուրդներուն ազդեցութիւնը կը ստացուի միանգամ ընդ միշտ քրիստոնեային կողմէ, որ կ՛ընդունի զանոնք որպէս պատասխան Աստուծոյ կոչին, որպէս կոչում եւ աստուածային պաշտպանութիւն։ Ուստի այս խորհուրդները երբեք չեն կրնար կրկնուիլ։

Հարցում թիւ 177. Ինչու՞ խորհուրդները կ՛ենթադրեն հաւատքը։
Խորհուրդները ոչ մի կախարդական ազդեցութիւն չունին. Խորհուրդ մը չի կրնար գործել եթէ հասկցուած եւ ընդունուած չըլլայ հաւատքով։ Ուստի խորհուրդները ոչ միայն կ՛ենթադրեն հաւատքը, այլ նաեւ զայն կ՛ամրապնդեն եւ կ՛արտայայտեն։
Յիսուս խնդրեց Առաքեալներէն բոլոր մարդիկը աշակերտել, նախ աւետարանելով զիրենք, այսինքն արթնցնելով իրենց մէջ հաւատքը, եւ ապա միայն զիրենք մկրտելով։ Այսպէսով երկու բան կը ստանանք Եկեղեցիէն` հաւատքը եւ խորհուրդները։ Այսօր նոյնիսկ կարելի չէ քրիստոնեայ դառնալ պարզ ծիսակատարութեամբ մը, կամ արձանագրութեամբ մը ցանկի մը մէջ, այլ` ընդունելով իսկական հաւատքը։ Եկեղեցիէն է որ կը ստանանք այս հարազատ հաւատքը. ան է երաշխաւորը։ Իսկ որովհետեւ Եկեղեցւոյ հաւատքը կ՛արտայայտուի ծէսին մէջ, խորհուրդներու որեւէ մատակարարում պէտք չէ փոփոխութեան ենթարկուի կամ ձեւաւորուի Եկեղեցւոյ պաշտօնեայի մը կամ հասարակութեան մը քմահաճոյքին համաձայն։







All the contents on this site are copyrighted ©.