2013-12-06 11:47:22

Զրոյց յիսունչորրորդ – Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները - 1


Հարցում թիւ 193. Հիմնաւոր կապ մը կա՞յ արդեօք խորհուրդներուն միջեւ։
Բոլոր խորհուրդները հանդիպում մըն են Քրիստոսի հետ, որ ինքնին կը կազմէ հիմնական կապը։ Կան ներմուծման խորհուրդները, որոնք կը մուծեն անձը հաւատքի մէջ. Ասոնք են Մկրտութիւնը, Դրոշմը եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը. Բուժումի խորհուրդները, որոնք են Խոստովանանքը եւ Հիւանդաց Օծումը. Ի վերջոյ խորհուրդները որոնք ի սպաս են հաղորդակցութեան եւ առաքելութեան, այսինքն Պսակը եւ Քահանայութեան Կարգը։
Մկրտութիւնը մեզ կը կապէ Քրիստոսի, Դրոշմը մեզի կը պարգեւէ իր Հոգին, Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ կը միացնէ իրեն։ Ապաշխարութիւնը մեզ կը հաշտեցնէ Քրիստոսի հետ, Հիւանդաց Օծումով` Քրիստոս կը բուժէ, կը զօրացնէ եւ կը մխիթարէ։ Սուրբ Պսակի խորհուրդով` Քրիստոս կը միաւորէ իր սէրը մեր սիրոյն եւ իր հաւատարմութիւնը մերինին։ Քահանայական Կարգով` վարդապետները կը ստանան պատասխանատուութիւնը` առաջնորդելու հաւատացեաները, իշխանութիւնը` ներելու մեղքերը եւ մատուցանելու Սուրբ Պատարագը։

Գլուխ Ա. Ներմուծման խորհուրդները ­ Մկրտութիւնը
Հարցում թիւ 194. Ի՞նչ է Մկրտութիւնը։
Մկրտութիւնը քրիստոնէական կեանքի հիմն է, դուռը` որ կը մտցնէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Անով է որ, ազատելով մեղքէն, կը դառնանք անդամ Քրիստոսի Մարմնոյն եւ կը հաղորդակցինք Աստուծոյ հետ։
Մկրտութիւնը հիմնաւոր խորհուրդն է, նախաբանը միւս բոլոր խորհուրդներուն։ Ան մեզ կը միացնէ Յիսուս­Քրիստոսի, մեզ կը սուզէ իր փրկարար մահուան մէջ` խաչին վրայ, մեզ ազատելով այսպէսով մեղքի զօրութենէն, եւ մեզի վերստին ծնունդ կու տայ Քրիստոսով` անվերջ կեանքի մը համար։ Քանի Մկրտութիւնը դաշինք մըն է Աստուծոյ հետ, հարկ է որ մկրտուողը իր հաւանութիւնը տայ եւ ըսէ ՙԱյո՚։

Հարցում թիւ 195. Ինչպէ՞ս կը մատակարարուի Մկրտութիւնը։
Դասական ձեւը մկրտութեան` մկրտեալին սուզումն է երեք անգամ ջուրին մէջ. Սակայն յաճախ` այն որ կը մկրտէ երեք անգամ ջուր կը թափէ մկրտեալի գլխուն վրայ, ըսելով. ՙԵս քեզ կը մկրտեմ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ՚։ Իսկ արեւելեան բանաձեւն է. ՙԱ. Ա. կը մկրտուի իմ ձեռքովս, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ՚։
Ջուրը կը խորհրդանշէ մաքրութիւնը եւ նոր կեանքը, ինչ որ արդէն գոյութիւն ունէր Յովհաննէս Մկրտիչի ապաշխարութեան մկրտութեան մէջ։ Մկրտութիւնը` որ կը մատակարարուի ջուրով, Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, աւելի մեծ է քան պարզ նշան մը դարձի ու ապաշխարութեան, ան նոր կեանք մըն է Քրիստոսի մէջ։ Ուստի եւ անոր կ՛ընկերանան յաւելեալ նշանները օծումին, ճերմակ զգեստին եւ մկրտական մոմին։

Հարցում թիւ 196. Ո՞վ ատակ է մկրտուելու. Ի՞նչ պայմաններ կը պահանջուին անկէ որ կը խնդրէ մկրտուիլ։
Ամէն անձ որ տակաւին չէ մկրտուած կրնայ ստանալ մկրտութիւնը. Միակ պայմանը մկրտութեան` հաւատքն է, որ պէտք է յայտարարուի հրապարակաւ մկրտութեան ընթացքին։
Այն որ կը յարի քրիստոնէութեան` ոչ միայն կը փոխէ իր աշխարհահայեացքը, այլ յանձնառու կ՛ըլլայ ընտրելու ճանապարհ մը, զոր կը կոչենք երեխայութիւն, որու ընթացքին նոր էակ մը կը դառնայ շնորհիւ մկրտութան պարգեւին եւ իր անձնական դարձին. Այն ատեն կը հանդիսանայ կենդանի անդամ մը Քրիստոսի Մարմնոյն։

Հարցում թիւ 197. Ինչու՞ Եկեղեցին կարեւոր կը նկատէ մկրտել փոքր մանուկները։
Մանուկներու մկրտութեան սովորութիւնը Եկեղեցւոյ մէկ շատ հին աւանդութիւն մըն է։ Ասոր միակ պատճառն այն է որ` նախ քան մարդն ընէ իր ընտրութիւնը դէպի Աստուած, Աստուած է որ կ՛ընտրէ զինք։ Հետեւաբար մկրտութիւնը շնորհք մըն է, նուէր մը տրուած մեզի անարժաններուս` Աստուծոյ կողմէ, որ մեզ կ՛ընդունի առանց պայմանի։ Հաւատացեալ ծնողներ, որոնք իրենց զաւկին բարիքը կ՛ուզեն, կը փափաքին որ ան ստանայ մկրտութիւնը։ Մկրտութիւնը կ՛ազատէ իրենց զաւակը սկզբնական մեղքի ազդեցութենէն եւ մահուան զօրութենէն։
Մանուկ մը մկրտել կ՛ընդգրկէ պարտականութիւնը զինք դաստիարակելու հաւատքին մէջ։ Յաճախ լաւ չհասկցուած ազատամտութեան մը պատրուակով, անարդարութիւն կը գործուի յետաձգելով մանուկի մը մկրտութիւնը։ Ինչպէս որ չենք կրնար յետաձգել սէրը զոր կը տածենք մանուկին հանդէպ, սպասելով որ ան` մեծնալէն ետք որոշէ թէ զով իտի սիրէ, նոյնպէս ալ անարդարութիւն պիտի ըլլար քրիստոնեայ ընտանիքի մը կողմէ յետաձգելը իրենց զաւկին համար` Աստուծոյ շնորհքին ստացումը` մկրտութեամբ։ Ինչպէս որ ամէն մարդ կը ծնի իր մէջ ունենալով կարողութիւնը խօսելու, սակայն հարկ է որ սորվի խօսիլ, նոյնպէս ալ ամէն անձ կը ծնի ունենալով իր մէջ կարողութիւնը հաւատալու, սակայն պէտք է որ սորվի հաւատքը։ Կարելի չէ պարտադրել մկրտութիւնը միակողմանիօրէն որեւէ անձի. Այն որ ստացած է մկրտութիւնը երբ փոքր մանուկ մըն էր` հարկ է որ յետագային վաւերացնէ զայն իր կեանքին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ թէ պէտք է համակերպի զայն պտղաբերելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.