2013-12-06 11:40:03

Զրոյց յիսունմէկերորդ– Ինչպէ՞ս կը կատարենք Քրիստոսի խորհուրդները - 2


Հարցում թիւ 182. Ինչու՞ խորհրդական նշաններուն հարկ է որ միանան նաեւ խօսքերը։
Ծէսը կատարել կը նշանակէ հանդիպիլ Աստուծոյ հետ, թողուլ որ ան գործէ մեր մէջ, իրեն մտիկ ընել եւ իրեն պատասխանել։ Այս երկխօսութիւնները կ՛արտայայտուին միշտ ձեւերով եւ խօսքերով։
Յիսուս մարդոց արտայայտուեցաւ նշաններով եւ խօսքերով։ Նոյնը տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցւոյ մէջ, երբ քահանան ընծաները կը նուիրէ ըսելով. ՙԱսիկա իմ մարմինս է… ասիկա իմ արիւնս է՚՚ ։ Քրիստոսի այս խօսքերն են որ նշանները կը կերպարանափոխեն խորհուրդներու. Որ է ըսել` նշաններ որոնք կ՛իրականացնեն այն ինչ որ կը նշանակեն։

Հարցում թիւ 183. Ինչու՞ կը նուագենք եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին. Ի՞նչպիսի նուագ կը պատշաճի ծէսին։
Երբ խօսքերը բաւարար չեն զԱստուած պաշտելու համար, երաժշտութիւնը մեզի օգնութեան կը հասնի։
Երբ կը դիմենք Աստուծոյ, յաճախ կը գտնուինք անպատմելի կամ անճարելի կացութեան մը մէջ. Այն ատեն երաժշտութիւնը մեզի օգնութեան կը հասնի. Ցնծութեան մէջ` խօսքը կը փոխուի երգի, որուն կը համապատասխանէ հրեշտակներու երգը։ Ծիսակատարութեան ժամանակ` երաժշտութիւնը հարկ է որ դարձնէ աղօթքը աւելի գեղեցիկ եւ աւելի ներքնաբուխ, ան պէտք է խորապէս ազդէ մասնակցողներու սրտին վրայ, զանոնք ուղղէ դէպի Աստուած, պատրաստելով երաժշտական տօն մը Աստուծոյ համար։

Հարցում թիւ 184. Ինչպէ՞ս ծէսը կը կերտէ ժամանակը։
Ծէսին մէջ` ժամանակը կը դառնայ միջոց մը Աստուծոյ նուիրուած։
Յաճախ կը պատահի որ մեր ժամանակը չենք գիտեր օգտագործել եւ կը փնտռենք ժամանց մը։ Ծէսին մէջ` ժամանակը կը ստանայ իրական խտութիւն մը, որովհետեւ ամէն երկվայկեան իմաստով լեցուն է։ Երբ կ՛աղօթենք ժամերգութիւնը, երեւան կու գայ թէ Աստուած սրբացուցած է ժամանակը եւ ամէն երկվայրկեան դարձուցած է կամրջակ մը դէպի յաւիտենականութիւն։

Հարցում թիւ 185. Ինչու՞ ծիսական արարողութիւնները կը կատարուին տարեշրջանի մը ընթացքին։
Ճիշդ ինչպէս ամէն տարի կը տօնախմբենք տարեդարձը անձի մը, կամ զոյգի մը ամուսնութեան, նոյնպէս ալ Ծէսը կը տօնախմբէ, տարեշրջանի մը ընթացքին, փրկչագործութեան պատմութեան քրիստոնէական գլխաւոր եղելութիւնները։ Սակայն կարեւոր մէկ տարբերակով մը, որով ամէն մէկ շրջան Աստուծոյ նուիրուած յատուկ ժամանակ մըն է։ Ոգեկոչումները Յիսուսի պատգամին ու կեանքին` կը հանդիսանան մեր ներկայ կեանքին մէջ, հանդիպումներ կենդանի Աստուծոյ հետ։
Տանիմարքացի փիլիսոփայ` Սէօրէն Քիերքըկարտ կ՛ըսէր օրին մէկը. ՙԿամ կը նկատենք մենք մեզ որպէս հայեցողներ Քրիստոսի, կամ ամէն ինչ ջուրը կը թափենք։՚ Ծիսական տարի մը, ապրուած հաւատքով, մեզ կը դարձմէ ժամանակակից Յիսուսի. Ոչ որովհետեւ կարող ենք մտքով երթալու իր ժամանակին եւ իր կեանքին մէջ, այլ որովհետեւ Ինք` եթէ իրեն տեղ բանանք, կը մտնէ մեր ժամանակին եւ մեր կեանքին մէջ, ներկայութեամբ մը որ կարող է բուժել եւ ներել, եւ ազդեցութեամբը իր յարութեան արտակարգ ուժին։







All the contents on this site are copyrighted ©.