2013-12-06 11:51:29

Զրոյց յիսունհինգերորդ – Ներմուծման խորհուրդները ­ Մկրտութիւնը - 2


Հարցում թիւ 198. Ո՞վ իրաւունք ունի մատակարարելու Մկրտութիւնը։
Ընդհանրապէս Եպիսկոպոսն է, Վարդապետ մը կամ Սարկաւագ մը որոնք կրնան մատակարարել Մկրտութեան խորհուրդը։ Իսկ ի հարկին` ամէն քրիստոնեայ։ Այո, ամէն մարդ կրնայ մկրտել, մկրտեալի գլխուն վրայ ջուր թափելով եւ մկրտութեան բանաձեւը արտասանելով, որ է. ՙԵս կը մկրտեմ քեզ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ ՚
Մկրտութիւնը այնքան կարեւոր է, որ նոյնիսկ ոչ­քրիստոնեայ մը կրնայ զայն մատակարարել. Բաւ է միայն որ դիտաւորութիւնն ունենայ կատարելու այն ինչ որ կ՛ընէ Եկեղեցին` երբ կը մկրտէ։

Հարցում թիւ 199. Արդեօ՞ք Մկրտութիւնը իսկապէս միակ ճանապարհն է փրկութեան։
Բոլոր անոնց համար որոնք ընդունեցան Աւետարանի քարոզութիւնը եւ իմացան որ Յիսուս է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը (Յովհաննէս, 14,6),Մկրտութիւնը միակ ճամբան է որ կը տանի դէպի Աստուած եւ դէպի փրկութիւն։ Սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ որ Քրիստոս մեռաւ բոլորին համար. Ուստի բոլոր մարդիկը հրաւիրուած են փրկուելու, նոյնիսկ անոնք որ առիթը չունեցան ճանչնալու իրապէս Քրիստոսը եւ հաւատքը, սակայն կը փնտռեն զԱստուած անկեղծ սրտով եւ կ՛ապրին կեանք մը համաձայն իրենց խղճին. Ասիկա կը կոչուի` փափաքի մկրտութիւն։
Աստուած փրկութիւնը կապած է խորհուրդներուն. Այդ պատճառաւ` Եկեղեցին զանոնք շնորհելու է մարդկութեան առանց դադարի։ Հրաժարիլ այս առաքելութենէն` կը նշանակէ դաւաճանել Աստուծոյ հրահանգին։ Սակայն Աստուած ինքնին կապուած չէ իր խորհուրդներուն. Հոն ուր Եկեղեցին չի հասնիր, կամ կը ձախողի ­ իր յանցանքով, կամ որեւէ ուրիշ պատճառաւ ­ Աստուած ինքը կը բանայ մարդոց առջեւ տարբեր ճամբայ մը դէպի փրկութիւն։

Հարցում թիւ 200. Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ Մկրտութեան պահուն։
Մկրտութեան պահուն` կը դառնանք Քրիստոսի մարմնոյն անդամները, քոյրեր եւ եղբայրներ մեր Փրկչին, զաւակներ Աստուծոյ։ Կ՛ազատինք մեղքէն, կը խլուինք մահուան ճիրաններէն եւ այսուհետեւ կը սահմանուինք ապրելու փրկուածներու ուրախութեան մէջ։
Մկրտուիլ` կը նշանակէ հետեւեալը. Իմ անձնական կեանքիս պատմութիւնը կը սուզուի Աստուծոյ սիրոյն առատ հոսքին մէջ. ՙմեր կեանքը ­ կ՛ըսէ Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը ­ կը պատկանի Քրիստոսի եւ ոչ այլեւս մեզի… Այո՛, ընկերացած իրմով, ընդունուած իրմէ, իր սիրոյն մէջ, մենք կ՛ազատինք վախէն։ Ինք մեզ կը շրջապատէ եւ մեզ կը շալկէ, ամէն տեղ ուր կ՛երթանք, Ան` որ նոյնինքն կեանքն է՚ (7 Ապրիլ 2007):

Հարցում թիւ 201. Ի՞նչ իմաստ ունի անունը զոր կը ստանանք մկրտութեան ատեն։
Մկրտութեան ընթացքին, երբ մեզի անուն մը կը տրուի, Աստուած է որ կ՛ըսէ մեզի. ՙՔեզ կոչեցի քու անունովդ, դուն ինծի կը պատկանիս՚ (Եսայի, 43,1) ։
Մկրտութեան ընթացքին` մարդկային էակը չի կորսուիր անանուն ընկերութեան մը մէջ` Աստուծոյ անունով. Ընդհակառակը` իր անձնականութիւնը կը հաստատուի։ Ստանալ անուն մը մկրտութեան ատեն` կը նշանակէ թէ Աստուած զիս կը ճանչնայ, ինծի այո կ՛ըսէ եւ կ՛ընդունի զիս առ յաւէտ, իմ եզականութեամբս, որ ուրիշ ոչ մէկուն նման է ։

Հարցում թիւ 202. Ինչու՞ քրիստոնեաները հարկ է որ ընտրեն մեծ սուրբերու անուններ։
Աւելի լաւ օրինակներ չկան քան սուրբերը, ոչ ալ աւելի հաւատարիմ օգնականներ։ Եթէ իմ պաշտպան սուրբս իսկապէս սուրբ է, կը նշանակէ թէ բարեկամ մը ունիմ Աստուծոյ մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.