2013-12-06 11:55:44

Զրոյց յիսունեօթերորդ – Ներմուծման խորհուրդները – 4
ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ


Հարցում թիւ 208. Ի՞նչ է Սուրբ Հաղորդութիւնը։
Սուրբ Հաղորդութիւնը այն խորհուրդն է որով Յիսուս­Քրիստոս մեզի կը շնորհէ իր Մարմինն ու Արիւնը ­ այսպէսով կու տայ մեզի ինքզինք ­, որպէսզի մենք ալ` մեր կարգին, մենք մեզ իրեն նուիրենք սիրով եւ իրեն միանանք սուրբ Հաղորդութեամբ։ Ասով միացած կ՛ըլլանք Քրիստոսի Մարմնին, որ է Եկեղեցին։
Մկրտութենէն եւ դրոշմէն ետք` Ս. Հաղորդութիւնը քրիստոնէական ներմուծման երրորդ խորհուրդն է։ Ս. Հաղորդութիւնը խորհրդաւոր կեդրոնն է այս խորհուրդներու ամբողջութեան, որովհետեւ Յիսուսի պատմական զոհաբերումը խաչին վրայ կը կրկնուի ոչ թէ արիւնալի, այլ` խորհրդաւոր կերպով, սրբագործման պահուն։ Այսպէսով` Ս. Հաղորդութիւնը կը հանդիսանայ ՙաղբիւրն ու գագաթնակէտը բոլոր քրիստոնէական կեանքին՚ (Վատիկանեան Բ. Ժողով, Լոյս հեթանոսաց, 11). Ամէն ինչ կարգաւորուած է անով. Չկայ աւելի մեծ բարիք որ կարող ենք ընդունելու։ Երբ ճաշակենք բեկանուած հացը, կը միանանք Քրիստոսի սիրոյն, որով ան իր մարմինը յանձնեց որպէս զոհ մեզի համար, խաչափայտին վրայ. Երբ ըմպենք բաժակէն, կը միանանք անոր որ, իր զոհաբերումով` հասաւ մինչեւ իր արեան հեղումին, մեզի համար։ մենք չէ որ հնարած ենք այս ծիսակատարումը, այլ Յիսուս ինք զայն կատարեց Վերջին Ընթրիքի պահուն, իր աշակերտներուն հետ, կանխելով այսպէսով իր մահը։ ինքզինք նուիրեց իր աշակերտներուն` հացի եւ գինիի նշաններուն ներքեւ ու զիրենք խրախուսեց Ս. Հաղորդութիւնը ծիսակատարելու այդ վայրկեանէն սկսեալ եւ իր մահուընէ անդին. ՙԸրէք ասիկա իմ յիշատակիս՚։ (Ա. Կորնթացւոց 11,24) ։

Հարցում թիւ 209. Ե՞րբ Յիսուս հաստատեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։
Յիսուս հաստատեց Սուրբ Հաղորդութիւնը իր մահուան նախօրեակին, այն գիշեր երբ յանձնուեցաւ ( Ա.Կորնթացւոց 11, 23-25), երբ իր շուրջ հաւաքեց Առաքեալները Վերնատան մէջ եւ իրենց հետ կատարեց վերջին Ընթրիքը։

Հարցում թիւ 210. Ինչպէ՞ս Յիսուս հաստատեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։
Պօղոս Առաքեալ կը գրէ. Ես ձեզի փոխանցեցի այն ինչ որ ստացայ այն աւանդութենէն որ կու գայ Տիրոջմէ. Այն գիշեր երբ յանձնուեցաւ, մեր Տէրը Յիսուս առաւ հացը, ապա` գոհութիւն յայտնելէ ետք` զայն բեկանեց եւ ըսաւ. ՙԱսիկա իմ մարմինս է, յանձնուած ձեզի ի նպաստ. Ըրէք ասիկա իմ յիշատակիս։՚ Ընթրիքէն ետք` նոյնը ըրաւ բաժակին հետ, ըսելով. ՙԱյս բաժակը նոր Ուխտի իմ արիւնս է. Ամէն անգամ որ ասկէ խմէք, ըրէք զայն իմ յիշատակիս։՚
Այս զեկուցումը, ամենահինը որ ունինք այն դէպքի մասին որ պատահեցաւ Վերնատան մէջ, մեզի տրուած է Պօղոս Առաքեալի կողմէ։ Ան ականատես վկայ չեղաւ դէպքին, այլ արտագրեց այն ինչ որ աւանդուած էր որպէս սուրբ խորհուրդ մը եւ կ՛իրագործուէր քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան ծէսին մէջ։

Հարցում թիւ 211. Ի՞նչ է կարեւորութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան` Եկեղեցւոյ համար։
Սուրբ Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը քրիստոնէական հաղորդակցութեան սիրտը կը կազմէ. Իրմով` Եկեղեցին կը դառնայ իսկական Եկեղեցի։
Մենք կը կազմենք Եկեղեցին ոչ որովհետեւ մեր տարեկան տուրքը կը վճարենք անոր, ոչ ալ որովհետեւ իրար հետ լաւ կը հասկցուինք, ոչ եւս որովհետեւ մաս կը կազմենք այս կամ այն ժողովրդապետութեան, այլ որովհետեւ Ս. Հաղորդութեամբ` մենք կը ստանանք Քրիստոսի մարմինը եւ ամէն անգամին` հետզհետէ կը դառնանք Քրսիտոսի Մարմինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.