2013-12-06 11:43:18

Զրոյց յիսուներկրորդ–Ինչպէ՞ս կը կատարենք Քրիստոսի խորհուրդները - 3


Հարցում թիւ 186. Ի՞նչ բանի կը ծառայէ ծիսական տարին։
Ծիսական տարւոյն ընթացքին, Եկեղեցին կը տօնախմբէ Քրիստոսի կեանքի խորհուրդները, իր մարդեղութենէն մինչեւ իր վերացումը դէպի փառքը։ Ծիսական տարին կը սկսի, ըստ Լատինական ծէսին, Յիսնակաց­ով, որ սպասումի ժամանակն է Տիրոջ Ծննդեան։ ­ Հայկական ծէսի համեմատ` ծիսական տարին կը սկսի Բուն Բարեկենդանի օրը, Մեծ Պահքի նախօրեակին­։ Ծիսական տարւոյն առաջին բարձունքը կը կազմեն Ծննդեան տօները. Ապա` երկրորդ բարձունքը, դեռ աւելի հսկայ, Զատկուայ շրջանը, Քրիստոսի չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան տօնակատարութեամբ։ Զատկական շրջանը կը լրանայ Պենտեկոստէով, ուր կը տօնենք Սուրբ Հոգւոյ գալուստը Եկեղեցւոյ վրայ։ Ծիսական տարին զարդարուած է Սուրբ Աստուածածնայ եւ սուրբերուն նուիրուած այլազան տօներով, որոնց ընթացքին, Եկեղեցին կը փառաբանէ Աստուծոյ շնորհքը, որ առաջնորդած է մարդիկը դէպի փրկութիւն։

Հարցում թիւ 187. Ի՞նչ է կարեւորութիւնը կիրակի օրուան։
Կիրակին կեդրոնն է քրիստոնէական ժամանակին, որովհետեւ այն օրն է որ մենք կը տօնակատարենք Քրիստոսի յարութիւնը, եւ ամէն կիրակի զատկական փոքրիկ տօնակատարութիւն մըն է։
Եթէ չյարգենք Կիրակին, որպէս Տիրոջ Օրը, կամ եթէ զայն ջնջենք, շաբաթը կ՛ունենայ միայն գործի օրեր։ Մարդը` որ ստեղծուած է ուրախ ըլլալու համար, կը դառնայ պարզապէս աշխատանքի ենթակայ կենդանի մը եւ կամ սպառողական ծախսի խենթ մը։ Հարկ է որ սորվինք ուղիղ կերպը տօն կատարելու երկրի վրայ, եթէ ոչ` պիտի չկարողանանք բան մը ընել երկնքի մէջ. Որով երկնքի մէջ` յաւիտենական կիրակի է։

Հարցում թիւ 188. Ի՞նչ է Ժամերգութիւնը։
Յաւիտենական կեանքը կը սկսի մկրտութեամբ. Ան կը շարունակուի մահուընէ անդին եւ երբեք վերջ պիտի չունենայ։
Ժամերգութիւնը Եկեղեցւոյ հասարակաց ու պաշտօնական աղօթքն է։ Սուրբ Գրային բնագիրները կ՛առաջնորդեն աղօթող անձը դէպի խորհուրդը Յիսուս­Քրիստոսի կեանքին։ Աշխարհի բոլոր կողմերը, օրուան բոլոր ժամերուն, կը հայցենք Ամենասուրբ Երրորդութենէն որ կերպարանափոխէ աղօթող անձը եւ բոլոր աշխարհը։ Ժամերգութիւնը վերապահուած չէ միայն վարդապետներուն եւ կրօնաւորներուն։ Շատ մը քրիստոնեաներ, որոնք համոզուած հաւատացեալներ են, կը միանան բազմաթիւ խնդրանքներուն որ կը բարձրանան դէպի Աստուած, աշխարհի բոլոր մասերէն։
Եկեղեցւոյ համար, եօթը ժամերը գանձ մը կը կազմեն աղօթքներու, որ կը քակեն լեզուն, նոյնիսկ երբ հրճուանքը, մտահոգութիւնները կամ վախը կը փակեն մեր բերանը։ Ժամերգութեան պահուն` անընդհատ կը նորոգուի մեր սքանչացումը. Նախադասութիւն մը, լման հատուած մը կը յարմարին ճշգրտօրէն, կարծէք դիպուածով, մեր կացութեան։ Աստուած կը լսէ երբ զինք կը կանչենք. Մեզի պատասխան կուտայ այդ հատուածներուն ընդմէջէն, երբեմն զարմանալիօրէն իրական կերպով։ Սակայն ան հաւասարապէս կը շնորհէ նաեւ երկար շրջաններ լռութեան եւ չորութեան, կարծէք սպասելով մեր հաւատարմութեան վկայութեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.