2013-12-06 10:12:59

Զեկոյց Մոնրէալի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մասին
Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ օծման 30-ամեակին առթիւ


Հ Գէորգ Ծ Վրդ Զապարեան

RealAudioMP3 Մոնրէալի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 1966-ին, ձեռամբ Զմմառեան Միաբանութեամբ անդամ՝ լուսահոգի Եդուարդ Գորդիկեանի։
Ան, տարիներով եւ զանազան եկեղեցիներու մէջ կիրակնօրեայ պատարագները մատուցանելէ եւ խորհուրդները մատակարարելէ ետք՝ կրցաւ կառուցանել, գործակցաբար իր հաւատացեալներուն հետ, այժմու ժողովրդապետական կեդրոն-համալիրը, բաղկացած՝ Տիրամայր Նարեկի նուիրուած 350 տեղանոց եկեղեցիէ մը (500 հոգի բովանդակող, եթէ նկատի առնուի ոտքի կեցողներու թիւը), ժողովրդապետարանէ մը, եւ երկու գլխաւոր սրահներէ, մին՝ <<Իփեքեան եղբարք>> անունով 260 տեղանոց ընդարձակ սրահ է, միւսը՝ <<Ժօրժ Զաքարեան>> անունով 40 տեղանոց։ Կեդրոնը շրջապատուած է 120 տեղանոց կառավայրէ մը (Stationnement, parking)։
Համալիրին բացումըեւ եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցան 18 Մայիս 1983-ին ձեռամբ Ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Նախկին Կաթողիկոս Պատրիարքին, ի ներկայութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ՝ լուսահոգի Ներսէս Եպսկ. Սեթեանի։
Ժողովրդապետութիւնը, որ սկզբնական շրջանին կը հաշուէր շուրջ 250 ընտանիք, այժմ կը հաշուէ շուրջ 800 ընտանիք որոնց 60 տոկոսը արաբախօս են իսկ 40 տոկոսը հայախօս։
Նոր սերունդը մեծ մասամբ ֆրանսախօս-անգլիախօս է։ Ուշագրաւ է թէ հայ եւ թէ արեւելեան զանազան յարանուանութիւններէն շուրջ 50 ընտանիք մեր եկեղեցին ստէպ կը յաճախեն ու մեր արարողութիւններուն կը մասնակցին։
1990-էն ի վեր պաշտօնավարող ժողովրդապետը, Զմմառեան Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Գէորգ Վրդ. Զապարեան, 1993-ին կազմակերպելէ ետք ժողովրդապետական համագումար մը, եկաւ ան եզրակացութեան թէ պէտք է ամէն գնով բաւարարել իր խնամքին յանձնուած բոլոր հաւատացեալներուն հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ ընկերային կարիքները՝ իրենց խօսած լեզուներով։ Այս նպատակով հիմնեց Հ.Կ.Մ. մը՝ հայախօս հաւատացեալներուն համար եւ Սիրտ Յիսուսի Միութիւնը՝ արաբախօսներուն համար։
Առաւել, սկսաւ երկու պատարագներ մատուցանել ամէն կիրակի, մին՝ արաբախօսներուն եւ միւսը՝ հայախօսներուն իսկ ամսոյն առաջին կիրակին, ան յատուկ պատարագ մը կը մատուցանէ ֆրանսախօս երիտասարդներուն համար, ինչ որ դրական արդիւնքներ տուած է եւ աւելցուցած է հաւատացեալներուն մասնակցութիւնը ծիսական արարողութիւններուն։
Իւրաքանչիւր արարողութեան աւարտին, սուրճի հիւրասիրութիւն մը տեղի կ՝ունենայ եկեղեցւոյս սրահին մէջ ուր ժողովրդապետը կը հանդիպի հաւատացեալներուն ու կը ձեռնուի անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Համայնքէ աւելի՝ ժողովրդապետութիւնը վերածած է մեծ ընտանիքի մը, իր մխիթարութիւններով եւ տառապանքներով, իր ուրախութիւններով եւ վիշտերով։
Ի դէպ, ժողովրդապետ հայրը, թէեւ սովորութիւն չունի առանց հրաւիրուելու մէկու մը տունը այցելել կամ տնօրհնէք կատարել, սակայն, առաջնահերթ պարտք կը համարէ, իր հովուական բազմաբնոյթ ծառայութիւնը մատուցանելէ բացի, հիւանդներուն այցելել, մահամերձներուն սնարին մօտ վազել եւ իր հաւատացեալներու կեանքին թէ ուրախ թէ տխուր պարագաներուն ներկայ գտնուիլ։
Իսկ, բոլոր առիթներով հաւատացեալներու կողմէ ժողովրդապետիս տրուած դրամական բոլոր նուիրատուութիւնները կը փոխանցուին Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հաշիւին եւ հետզհետէ կը հրատարակուին ժողովրդապետութեան ամսաթերթիկին մէջ։ Իսկ տարին անգամ մը, ի գիտութիւն բոլորին, կը հրատարակուի՝ մասնագէտ հաշուապահներու ձեռքէն ելած տարեկան հաշուեկշիռը որ ի վերջոյ կ՝ուղարկուի առ որ անկ է։
Նշելու է որ մեր դժողովրդապետութիւնը մին է՝ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ եօթը ժողովրդապետութիւններէն որոնց այժմու առաջնորդն է Արհի. Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան։
Միջին հաշուով, կիրակնօրեայ երկու պատարագներուն միասին՝ կը մասնակցին 300-է 350 հոգի, հակառակ այն աննպաստ պայմաններուն որ քանի մը տարի առաջ ստեղծուեցան Գանատայի մէջ, ուր կիրակի եւ տօնական օրերը աշխատանքի օրեր դարձան։
Արդարեւ, այդ սրբազան օրերուն, բոլոր շուկաները բաց կը մնան։
Գալով Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան, Ծաղկազարդին, Աւագ Շաբթուան, Զատիկին, Վերափոխման եւ այլ տօնական մեծ օրերուն, կատարուած իրերայաջորդ ծիսական արարողութիւններու եւ մատուցուած պատարագներու մասնակցողներուն թիւը դկը հասնի շուրջ 1500-ի, ստեղծփլով ժողովրդապետիս աչքին հաճելի իրարանցում մը սակայն տաղտկալի՝ անոնց որ ստիպուած են իրենց ինքնաշարժները հարեւան փողոցներու երկայնքին շարել ապա եկեղեցւոյ արտաքին գաւիթէն կամ ներքեւի սրահէն՝ արարողութիւններուն հետեւիլ։ Սոյն առիթներով երիտասարդներու ներկայութիւնն ալ շատ մխիթարական է։
Յարաբերաբար երիտասարդ է մեր համայնքը ուր, միջին հաշուով, տարին շուրջ 40 մկրտութիւններ, 17 ամուսնութիւններ եւ 13 յուղարկաւորութիւններ կը կատարուին։ Իսկ Առաջին Հաղորդութեան մօտեցող փոքրերուն տարեկան միջին թիւը 30 է։ Այս կապակցութեամբ, բոլոր մատակարարուած խորհուրդներու գրանցումները պահուած կը մնան ոչ միայն աւանդական տոմարներու այլ նաեւ սեղմապնակի մը մէջ (C D), որ հետզհետէ կը վերանայուի ու կը լրացուի։
Եկեղեցին կ՝ապրի հաւատացեալներու զուտ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով եւ Խորհուրդներու մատակարարութեան եկամուտով, այսուամենայնիւ ան չի զլանար նիւթական նպաստներ ուղարկելու՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մեր առաջնորդարանին, եւ Հայաստանի մէջ գործող Հայ Քոյրերու բացած որբանոցներուն եւ այլ հաստատութիւններուն։
Ժողովրդապետութիւնս քաջալեր կը մնայ Մոնրէալի մէջ գործող Դանիէլ Վարուժան Հայ Կաթողիկէ Դպրոցներու Նախկին Սաներու Միութեան եւ Մեսրոպեան Վարժարանի Բարեկամներու Միութեան, որոնք, իրենք եւս նպաստներ կը հասցնեն հայկական զանազան հաստատութիւններուն, շնորհիւ ժողովրդապետութեանս՝ տուրքէ զերծ ստացագիր տալու ընծայած դիւրութեան։
Հաւատացեալներու առատաձեռնութեան շնորհիւ՝ կրցանք տարիներու ընթացքին բարեզարդել եկեղեցին եւ յուշակոթողներ բարձրացնել...
Եկեղեցիին մէջ մնայուն կերպով կը գործեն՝ Ժողովրդապետը, քարտուղարուհի մը, շէնքի մաքրութեամբ զբաղող պաշտօնեայ մը, 6 հոգինոց Ծխական Խորհուրդ մը, Համայքնիս մէկական ներկայացուցիչ մը՝ համապատասխանաբար հայ կազմակերպութիւններու եւ տեղական մարմիններու մօտ, մատենադարանապետ մը, ՜՜Ալեմշահ՝՝ հայախօս մեծահասակներու երգչախումբը, ՜՜Կռունկ՝՝ մանկական երգչախումբը, Սիրտ Յիսուսի արաբախօս մեծահասակներու երգչախումբը, ֆրանսախօս փոքրերու երգչախումբը, խորանի սպասաւորութեան սահմանուած տղամարդոց խումբը, եկեղեցասէր Տիկնանց միութիւնը, Սիրտ Յիսուսի անուան ընկերակցութիւնը, Ս Հաղորդութեան պաշտամունքի տարածման յանձնախումբը, կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմը, Սրբուհի Ռիթայի եղբայրութիւնը, Սրբուհի Աննայի տարեցներու միութիւնը, Առաջին Հաղորդութեան պատրաստուող փոքրերուն ուսուցչակազմը, ընկերային եւ Ս Պսակի խորհուրդին պատրաստութեան յանձնախումբերը։ Կանոնաւորապէս կը հրատարակուին ժողովրդապետութեան երկլեզու ամսաթերթիկը։ Ամիսը երկու անգամ ժողովրդապետը ունի նաեւ հայկական ռատիոժամ մը հոգեւոր քարոզութեան համար։
Տարուան ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր, ծիսական, ազգային, մշակութային, երաժշտական եւ գեղարուեստական զանազան ձեռնարկներ. իսկ 24 Ապրիլին Ս Պատարագ կը մատուցուի Մոնրէալի աշխարհահռչակ Սէն Ժոզէֆ Պազիլիքայի մէջ։
Համայնքս ունի շահեկան տեղեկութիւններով ճոխ կայքէջ մը www.eacn.ca եւ ելեկտրոնիք հասցէ մը. egarcana@eacn.ca
Վերջին տարիներուն մեծաշուք հանդիսութիւններով յիշատակեցինք, Հայոց Դարձի 1700 ամեակը, Ս Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան 1000 ամեակը, Մոնրէալի համայնքին հիմնադրութեան 40-ամեակը եւ հայերէն գրատպութեան 500 ամեակը։
Անցեալ տարի, ժողովրդապետը մխիթարութիւնն ունեցաւ իր շուրջը գտնելով շուրջ 400 հոգի ընդ որս Առաջնորդ Գարապայծառը, հայ եւ օտար համայնքներու առաջնորդներն ու հովիւները որոնք մասնակցեցան իրեն ի պատիւ սարքուած մեծարանքի ճաշկերոյթին՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 40 ամեակին առիթով։
Նշելու է նաեւ մեր մշակած սիրալիր յարաբերութիւնները հայ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն եւ հովիւներուն հետ։ Արդարեւ տարւոյն երկայնքին, առիթները չեն պակսիր միասին գտնուելու՝ զանազան ձեռնարկներու առիթով։
Ինչպէս ամէն ընտանիք ժողովրդապետութիւնը ունի ներքին եւ արտաքին դժուարութիւնները, անդամներու մտայնութեան ու երկրին մէջ տիրող մթնոլորտէն սակայն կը ջանայ Աստուծոյ շնորհքով, հոսանքն ի վեր թիավարել։ Ի Հեճուկս դժուարութիւններուն եւ ժխտական երեւոյթներուն, խորապէս կը հաւատանք (կ՝եզրափակէ գերյ. Հ Գէորգ Ծ Վրդ Զապարեան) թէ մենք եւս մաս կը կազմենք այդ Քրիստոսահիմ Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյն, ՜՜զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկարենայ յաղթահարել՝՝ (Մտթ. 16, 18)։







All the contents on this site are copyrighted ©.