2013-12-06 10:35:13

Ամուսնութիւն եւ ընտանիք՝ Աստուածային ծրագիր եւ մարդկային իրագործում


RealAudioMP3 Աստուածաշունչը` իր առաջին էջերուն մէջ, կը նկարագրէ այր մարդու եւ կնոջ ստեղծումը: Արդարեւ, Ծննդոց գիրքին մէջ, մարդկային առաջին զույգի ստեղծագործութեան վերաբերեալ կան երկու պատմութիւններ, ​​երկու տարբեր աւանդութիւններու պատկանող. առաջինը` «Եահվիսդ» Yahwist (Ժ. դար), իսկ երկրորդը` աւելի ուշ շրջանի (Զ. դար ) եւ կը կոչուի քահանայական (sacerdotale):
«Քահանայական» (sacerdotale) աւանդութեան համաձայն (Ծննդոց 1, 26-28), կը տեսնենք թէ այր մարդը եւ կինը միաժամանակ ստեղծուած են, եւ ոչ թէ կինը այր մարդու կողի ոսկորներէն կազմուած է: Այս պատմութեան մէջ յառաջ կու գան արական եւ իգական յարաբերութիւնները Աստուծոյ Պատկերին հետ. «Աստուած մարդը ստեղծեց իր Պատկերին համաձայն. Իր Պատկերին համաձայն ստեղծեց զինք. արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»: Աստուած, իր սէրէն մղուած ստեղծեց առաջին մարդը, իր Պատկերին եւ նմանութեան համաձայն եւ ուզեց որ այր ու կնոջ միջեւ հաստատուած կեանքի եւ սիրոյ ընկերութիւնն ալ արտայայտէ եւ ցոլացնէ Իր անհուն սէրը, որով Ինք կը սիրէ համայն մարդկութիւնը: Աստուծմէ օրհնուած այս սէրը սահմանուած է բեղմնաւոր ըլլալու, որպէս մասնակցութիւն Աստուծոյ արարչագործութեան:
«Եահվիսդ» (Yahwist) աւանդութեան համաձայն (Ծննդոց 2, 18-25 ), կինը` այր մարդու կողէն կը ստեղծուի, իսկ ստեղծագործութիւնը երկու սեռերու կը ներկայանայ որպէս լուծում մենակութեան. «Տէր Աստուած ըսաւ.- Լաւ չէ, որ մարդը միայնակ ըլլայ. իր նմանութեամբ օգնական մը ստեղծենք իրեն համար»: Բեղմնաւոր ըլլալէ աւելի` հոս կը շեշտուի ուրեմն միասնականութեան գործոնը. ո՛չ մարդը առանց կնոջ եւ ո՛չ կինը առանց մարդու: Բացայայտ կերպով շեշտուած է նաեւ երկուքի կեանքին անքակտելի միութիւնը. «Ասոր համար, մարդը պիտի թողու իր հայր ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի կապուի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»:
Երբ նկատենք ամբողջ նշանակաութիւնը մարդկային սերումին, կ՛ըմբռնենք թէ Աստուած ինչու համար ստեղծած է այր մարդը եւ կինը, եւ մեր մարմիններն ալ իրարմէ այնքան տարբեր կազմած է, օժտելով իւրաքանչիւրը մասնաւորաբար հայրութեան ու մայրութեան յատկութիւններով: Աստուած կարող էր ստեղծել աշխարհ մը եւ մարդկային անհատը անոր մէջ` բոլորովին կատարեալ իր մարմինով ու հոգիով: Այս պարագային սեռի հարկը գոյութիւն չէր ունենար եւ ոչ ալ երկու սեռերու տարբերութիւնը: Բոլորս կրնայինք ունենալ մարմինի միեւնոյն սեռը, ու մեր ընկերային կեանքին գերազանց վիճակը կրնար կազմել բարեկամութիւնը եւ ոչ թէ ամուսնութիւնը:
Paul Claudel ֆրանսացի մեծ բանաստեղծը սակայն, շատ տպաւորիչ եւ համոզիչ բացատրութիւն մը կու տայ թէ ինչու Աստուած ստեղծեց տարբերութիւնը սեռերու: Ան կ՛ըսէ. « Մարդը հպարտ արարած ըլլալով, ուրիշ միջոց մը չկար իրեն հասկցնելու մերձաւորը, եթէ ոչ զինքը մարմնացնելով: Ուրիշ միջոց մը չկար անոր հասկցնելու իր ենթարկուածութիւնը, իր պանանջքը եւ անհրաժեշտութիւնը այդ տարբեր սեռին, այսինքն` կնոջ, որ ողջ ապացոյց մըն է թէ այր մարդը գոյութիւն ունի»:







All the contents on this site are copyrighted ©.