2013-12-05 09:34:11

Յոբելենական տօնակատարութիւններ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ օծման 30 ամեակի առթիւ:


7-էն 8 դեկտեմբեր 2013ին, Գանատայի Տիրամայր Նարեկի ՝ օծման
30 ամեակի առթիւ, յոբելենական տօնակատարարութիններ պիտի կատարուին Նախագահութեամբ՝ Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի։
Յոբելենական տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, շաբաթ, 7 դեկտեմբերին երեկոյեան ժամը 7-ին, Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Եկեղեցւոյ բոլոր երգչախումբներուն, ղեկաւարութեամբ Համբարձում Անդունեանի եւ Անթուանէթ Քատէի, փառաւոր բազմալեզու երգահանդէս պիտի կատարուի։
Երգահանդէսի աւարտին՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ հիւրասիրութիւն պիտի կատարուի որուն հրաւիրուած են բոլոր հաւատացեալները։
Իսկ Կիրակի, 8 դեկտեմբերին առաւօտեան ժամը 10,30 ին եւ 12,15-ին Գոհաբանական Պատարագներ պիտի կատարուին։
Ռատիօ Վատիկանի միջազգային կայանի հայերէն բաժնի պատասխանատու յանձնախումբը, խորին շնորհաւորութիւններ եւ մախթանքներ կը յայտնէ, Գանատայի թեմի Եպիսկոսպոսի Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս Մուրատեանի, քահանաներուն, հաւատացեալներու ու յատկապէս Տիրամայր Նարեկ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` հայր Գէւորգ վրդ Զապպարեանին որ եղած է նաեւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի կայանի՝ պատասխանատու, իրենց տարած անխոնջ աշխատանքներուն ի փառս Աստուծոյ եւ ազգին, հայցելով, որ Նարեկի Տիրամայրը միշտ պահապան կանգնի բոլորին եւ հեռու պահէ չար փորձանքներէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.