2013-12-05 15:14:55

Կարտինալական ութեակ խորհուրդի երկրորդ նիստը։Երախաներու անվտանգութեան յանձնախումբի ստեղծում։


Դեկտեմբեր 3- 5, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կարտինալական Խորհուրդի երկրորդ ժողովը որուն առաջին նիստը գումարուած էր անցեալ հոկտեմբերին։ Վերոյիշեալ խորհուրդը հաստատուած է անցեալ 28 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ձեռագիր նամակով` հայող '' Pastor bonus - Բարի Հովիւ'' Առաքելական Սահմանադրութեան վերատեսութեան։ Խորհուրդի ութը անդամները Քահանայապետին անմիջական խորհդակիցներն են Եկեղեցւոյ կառավարման իրեն յանձնուած պարտականութեան մէջ։

Երեք օր տեւող ժողովներու ընթացքին, ութը կարտինալներէ բաղկացած վերոյիշեալ խորհուրդը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ միասին, քննարկեցին Հռոմի Քուրիայի եւ Վատիկանի զանազան իշխանութիւններու ու ժողովներու հայող նիւթեր։

Հինգշաբթի 5 դետկետմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին եւ Կարտինալական խորհուրդի անդամ` Կարտինալ Օ Մալլէյ, յայտնեցին թէ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ընդառաջելով կարտինալական խորհուրդի նեկայացուցած մէկ առաջարկին, որոշած է ստեղծել յատուկ յանձնախումբ մը որ զբաղի երախաներու անվտանգութեամբ եւ որուն կէտնպատակն է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խորհուրդ տալ, երախաներու պաշտպանութեան Սուրբ Աթոռի յանձնառումին գծով, ինչպէս նաեւ հովուական ուշադրութեան` բռնաբարումի զոհերուն հանդէպ ։
Յանձնախումբը յատուկէն`.
1­ Զեկոյց պիտի ներկայացնէ երախաներու պաշտպանութեան գծով ընթացիկ կարգավիճակի մասին։
2 - Առաջարկներ պիտի ներկայացնէ այս առընչութեամբ Քուրիայի նոր ձեռնարկներ ծրագրելու համար, Եպիսկոպոսական դասի եւ կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորներուն համագործակցութեամբ։
3 - Երախաներու անվտանգութեան, բռնաբարումի զոհերուն հետ յարաբերութեան, անոնց մտային առողջութեան եւ օրէնսդրութեան կիրակումի մասին փորձարութիւն ունեցող աշխարհականներու եւ կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներու անուններ առաջարկել, իրագործելու համար վերոյիշեալ ծրագրուելիք ձեռնարկները։

Կարտինալ Օ Մալլէյ յատնեց նաեւ թէ յանձնախումբի վերջնական պարտականութիւնները աւելի մանրամասն կերպով կը նշուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրատարակելիք մէկ վավերաթուղթի մէջ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ Կարտինալական խորհուրդի երկրոդ ժողովի նիստերը վերջ կը գտնեն հինգշաբթի 5 դետկտեմբերի յետմիջօրէին եւ թէ յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2014-ի փետրուար ամսուայ 17 - 19, Կարտինալական ընդհանուր ժողովէն առաջ ոը տեղի պիտի ունենայ 20 եւ 21 փետրուարին, մինչ 22 փետրուարին` Սուրբ Պետրոսի առաքելապետի աթոռի տօնին օրը, նախատեսուած է Նոր Կարտինալներու նշանակումի կարտինալական հաւաք։ Այս բոլոր ժողովները կ՛եզրափակուին կիրակի 23 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած համապատարագով։
Հայր Լոմպարտի յայտնեց նաեւ թէ 24 եւ 25 փետրուարին նախատեսուած է Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան անդամներու նիստը։








All the contents on this site are copyrighted ©.