2013-12-05 09:45:02

Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահին այցը՝ Հռոմի փախստակններու կեդրոնի սեղանատուն։


Հինգշաբթի 5 դեկտեմբերին, յետմիջորէի ժամը 3,30 ին, Իտալիոյ ծերակոյտի Նախագահ՝ Տիար Փիէթրօ Կրասսօն, այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի գաղթականներու եւ փախստականներու համար նուիրուած ''Ասթալլի ''կոչուած կեդրոնի սեղանատունը, աջակցելու համար ''Միասին, սննդական օժանդակութեան'' ձեռնարկին։
Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահին կը դիմաւորէ՝ Հայր Ճովաննի Լա Մաննա, նախագահը ''Ասթալլի'' կեդրոնին ուր՝ ամէն օր ճաշ կը բաշխուի աւելի աւելի քան 400 գաղթականներուն։
Այցելութեան աւարտին, տեղի պիտի ունենայ մամլոյս ասուլիս։







All the contents on this site are copyrighted ©.