2013-12-05 11:50:23

Ժընեւ-2»ի երկխօսութիւնը պիտի ըլլայ Սուրիացիներուն միջեւ. Հալքի


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին «պիտի երթանք առանց նախապայմաններու, իսկ երկխօսութիւնը միայն սուրիացիներուն միջեւ պիտի ըլլայ, Սուրիոյ ապագան ուրուագծելու համար», եւ աւելցուց, թէ բոլոր արդիւնքները պիտի ներկայացուին ժողովրդային հանրաքուէի:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդին ուղղած իր նամակին մէջ նշած է, թէ Սուրիոյ քիմիական զէնքի ոչնչացման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, բայց եւ այնպէս, հոլովոյթը սահմանուած ժամկէտներուն մէջ աւարտելու համար, միջազգային ընտանիքի աննախադէպ ջանքերու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի: Ան նշած է նաեւ, որ անհրաժեշտ է «լիարժէք յստակութիւն» քիմիական զէնքերու տեղափոխման ծրագիրներուն եւ Սուրիոյ սահմաններէն դուրս զանոնք ոչնչացնելու վերաբերեալ:
Մինչ այդ, Սուրիական ազատ բանակէն աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, թէ իրենք գրաւած են Մաալուլան, իսկ սուրիական բանակը հեռացած է գիւղէն: Աղբիւրները նաեւ նշեցին, թէ իրենք կը փորձեն Մաալուլայէն առեւանգուած 16 մայրապետներու ազատ արձակման համար բանակցիլ՝ աւելցնելով, որ մայրապետները ողջ-առողջ են:
Իր կարգին, յոյն ուղղափառներու Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու՝ Երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Մար Թաքլա վանքի առեւանգուած մայրապետներն ու անոնց խնամքին յանձնուած որբերը ազատ արձակելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.