Ֆրանչիսկոս Պապի Կոչը Մաալուլայի մէջ արեւանգուած կուսաններուն ազատագրումի ի նպաստ։
Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Սուրիոյ` Մաալուլայի, Մար Թաքլա վանքի, զինեալ խմբակի կողմէ բռնի
ուժով արեւանգուած օրթոտոքս կուսաններուն ազատագրումին, հրաւիրելով բոլոր քրիստոնեաները
աղօթելու անոնց համար։ ''Կը խնդեմ որ աղօթէք - ըսաւ Քահանայապետը - մեր այս քոյրերուն
համար եւ Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին բոլոր արեւանգուածներուն համար։ Շարունակենք
աղօթել ու միասնաբար գործել խաղաղութեան ի նպաստ''։