Սեբաստիոյ Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի
Սեբաստիոյ (Սվազ) քաղաքը գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն
ետք վերածուած էր զինանոցի, այժմ պիտի վերանորոգուի: Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին կողմէ
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3-ին հաղորդուած տեղեկութեան՝ այս նպատակով նահանգապետարան դիմած
է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, որովհետեւ եկեղեցին կը գտնուէր բանակի
հակակշիռին տակ եղող տարածքի մը մէջ: Եկեղեցին այդ տարածքէն դուրս բերուած է Սվազի հայերու
բարեկամներու միութեան ջանքերով ու կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսին
յառաջիկայ գարնան: Սվազի հայերու բարեկամներու միութեան նախագահ Սեպուհ Քոճաք շնորհակալութիւն
յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար: