2013-12-04 09:53:45

Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ կառավարութիւնը տապալելու ընդդիմութեան փորձը ձախողեցաւ


Ուքրանիոյ ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ խորհրդարանին մէջ Նիքոլայ Ազարովի գլխաւորած կառավարութեան դէմ անվստահութիւն յայտնելով զայն տապալել: Ընդդիմութեան ներկայացուցած որոշումը միայն 186 քուէ ապահովեց, երբ նուազագոյնը 226 քուէ պէտք էր ապահովէր:
Մինչ այդ, վարչապետ Ազարով խորհրդարանին առջեւ կառավարութեան եւ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի անունով ներում հայցեց գործողութիւններուն համար «Պերքութի» մասնայատուկ ուժերուն, որոնք Եւրոպական հրապարակէն ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ուժ կիրարկեցին:
«Ես կ՛ուզեմ ներում հայցել հրապարակին վրայ մեր իրաւապահ մարմիններուն գործողութիւններուն համար: Կառավարութիւնը եւ նախագահը խորապէս կը ցաւին կատարուածին համար», ըսաւ Ազարով Ռատային առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ:
Ընդդիմադիր Պաթքիվշչինա խմբակցութեան ղեկավար Արսէնի Եացենիուք իր կարգին յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը պիտի պահանջէ Ազարովը հեռացնել պաշտօնէն:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ մերժած է իր աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Լեւոչքինի հրաժարականի դիմումը: Վերջինս հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր 30 նոյեմբերին Եւրոպական հրապարակին վրայ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք:
«Ես իսկապէս շաբաթ օր դիմած եմ հրաժարականի խնդրանքով, սակայն ատիկա մերժուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոր հիմնական խնդիրը իրավիճակի խաղաղ կարգաւորումն է:
Ըստ Լեւոչքինի, իր հրաժարականի հարցը ամենայն հաւանականութեամբ նախագահին կողմէ պիտի քննարկուի երկրին մէջ իրավիճակի կայունացումէն ետք:







All the contents on this site are copyrighted ©.