2013-12-04 10:03:49

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 Քանի որ ուշ թէ կանուխ պիտի հեռանանք այստեղէն, ջանանք լաւ յիշատակներ թողուլ մեր ետեւ...
Մարդիկ իրենց լաւ թէ վատ յիշատակներով կը գոյատեւեն:
Իրաւ է որ, թէ՛ վատը եւ թէ լաւը կը յիշուին, ու իրենց այդ ժխտական կամ դրական համբաւներով յիշատակ կը թողուն մարդոց հաւաքական յիշողութեան մէջ: Սակայն բարոյական հարցը, միայն յիշուելու հետ առնչուած չէ՛, այլ լա՛ւ յիշուելուն վրայ կը դնէ իր շեշտը: Այլապէս, Ներոնն ալ կը յիշուի, սակայն միշտ ալ իր անհաւասարակշիռ միտքին արդիւնքը եղող որոշումը՝ Հռոմը վառելու, իր անունէն առաջ կը յիշուի եւ մնայուն արատ իբրեւ կ՛արձանագրուի իր անուան դիմաց:
Ազգերու պատմութիւնն ալ գրուած ժամանակ, անցեալին, պատմագիրներու պատուիրատուները իրենց վրայ կը կեդրոնացնէին այնտեղ արձանագրուելիք նիւթերը: Այնտեղ կան առհասարակ անհատներ, դէպքեր կամ անցուդարձներ, որոնք ընդհանրապէս տուեալ կեդրոնական դէմքի կեանքին հետ առնչուած կ՛ըլլան: Թագաւոր կամ թագուհի, իշխան թէ իշխանուհի, իբրեւ պատուիրատուներ տուեալ շրջանի պատմագրութեան՝ ընդհանրապէս հիմնական նիւթը կը մատակարարէին այդ պատմութեան:
Այս սկզբունքին զարտուղութիւնը կը համարուէր այն, երբ կեդրոնական այդ դէմքերէն բացի, յանկարծ յայտնուէր անսպասելի դէմք, որուն մասին ստիպուած ըլլային անդրադառնալ պատմիչներ: Այսպէս, յանկարծ կրնար հռչակաւոր աշուղ այցելած ըլլալ այդ երկիրը, որ նաեւ կրնար պալատին մէջ ելոյթ ունեցած ըլլալ, որուն ստիպողաբար պիտի անդրադառնար պատմագիրը: Սայաթ Նովայի առեղծուածային կեանքին մանրամասնութիւններն ալ նման երեւոյթ կը պարզեն: Սովորական աշուղ, որ նաեւ պալատի պաշտօնական աշուղը կը դառնայ, ու իբրեւ այդպիսին ալ կը յիշուի, եթէ միայն իր երգարուեստի փայլուն երաժշտութեամբ յիշուած չըլլար մշակութային ժառանգութեան էջերուն:
Պատմութեան էջերուն մէջ միայն բարի ու դրական նիւթեր չեն ըլլար: Կան նաեւ՝ պատերազմներ, խռովութիւններ, մատնութիւններ, ջարդ ու սպանդ : Աշխարհի ամէնէն բարի գիրքը, որ նաեւ «Բարի Լուր» կը կոչուի տարբեր լեզուներով, Սուրբ Գիրքն է, որուն մէջ ալ անպակաս են պատերազմներու սարսափներ, վրէժխնդրութեան դառնագին հետեւանքներ, մինչեւ իսկ մատնութիւն, եւ այն ալ՝ Աստուծոյ Որդիին հանդէպ…:
Կան այնպիսի անձեր ալ, որոնք կամովի՛ն չեն ուզեր յիշուիլ պատմութեան մէջ: Սա անպայման համեստութեան հետ կապուած չէ՛, որովհետեւ կեղծ համեստութեան օրինակները այնքան բազմացած են, որ կարելի չէ այլեւս իսկական համեստը ճարել՝ վստահելով անոր խօսքին անկեղծութեան: Երբեմն Քրիստոսի անունով համեստացողներու ետին կարելի է տեսնել սադայէլի ամբարտաւանութեան շապիկը հագած արկածախնդիրներ, որոնք խորքին մէջ «ուր հաց, անդ կաց»ի անձնական հաշիւներով յառաջ կ՛երթան: Կան նաեւ ասոնց ծոյլ տեսակները:
Առակը կ՛ըսէ. «Ջայլամին ըսեր են՝ «թռչէ՛, գնա՛», ըսեր է՝ «ես ուղտ եմ, բեռ պիտի կրեմ»: Ապա ըսեր են՝ «եկո՛ւր, բեռ կրէ՛», պատասխաներ է՝ «ես թռչուն եմ, պիտի թռչիմ ու երթամ»»:
Այսպիսի մարդիկ անպակաս են մեր շուրջը: Ինչ ալ ըսես, ինչ ձեւով ալ մօտենաս, կեղծ համեստութեան ու քօղարկուած պարկեշտութեան շրջազգեստին ետեւ կը պահուըտին, եւ ուրիշները առաջին գիծ տանելով՝ պատերազմի դաշտ կը նետեն, իսկ իրենք «Նպատ լերան բարձունքէն» կը հետեւին ռազմադաշտի կռիւին ու կոտորածին:
Օրինակ տանք փոքր քաղաքի մը բարի մարդու պատմութիւնը. ՜՜ան քաղաքին ամէնէն գործունեայ ու ծառայասէր մարդն էր մէկ խօսքով քաղաքին հայրիկը…: Կը պատահի սակայն, որ (նախանձէ ու ատլութենէն մղուած անձերու պատճառաւ) այս շատ օգտաւէտ մարդը կը վշտանայ ու անարդարութեան չտոկալով՝ կը հեռանայ այդ շրջանակէն (քաղաքէն): Տարիներ կը սահին տարիներու ետեւէն, իսկ մեր «բազմատաղանդ» մարդը արդէն ուրիշ գիւղի մէջ նոր պաշտօններ ստանձնած՝ իր կեանքը կը շարունակէ:
Կեանքն ունի իր տարեգիրքը, որուն մէջ լաւ յիշատակութեամբ անուն ունենալու համար, պէտք է պատմութեան մէջ յիշուած մարդուն կեանքի հետեւորդը ըլլալ, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները կամ պարագաները։
Քանի որ ուշ թէ կանուխ պիտի հեռանանք այստեղէն, ջանանք լաւ յիշատակներ թողուլ մեր ետեւ...
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.