2013-12-03 12:52:48

''Քրիստոսը՝ աւետելու ենք ժպիտով։ Առանց ուրախութեան Եկեղեցի մը անհասկնալի է'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 3 դեկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ըսաւ, ''թէ Եկեղեցին միշտ ուրախ պէտք է ըլլայ որովհետեւ կանչուած է՝ սփռելու Տիրոջ ուրախութիւնը իրեն զաւակներուն, ուրախութիւն մը, որմէ միայն խաղաղութիւն կը ծագի ։
Նորին Սրբութինը , արտասաանած քարոզը կեդրոնացուց ''Խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն'' բառերուն վրայ ներշնչուելով, Եղիշէ մարգարէի սուրբ գրային ընթերցումէն ուր - ըսաւ Քահանայապետը - կը նշմարենք խաղաղութեան բաղձանքը որ բոլորս ունինք։Խաղաղութիւն մը որ մեզի կը տանի Մեսիային։
Պօղոս Զ կ՛ըսէր` Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը աետարանելն է եւ այս ուրախութիւնը իրեն զաւակներուն փոխանցելն է։ Եկեղեցին ուրախ է յոյսին մէջ - յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը - ու հայցեց Տիրոջ շնորհքը որ բոլորին պարգեւէ ուրախութիւնը` Մայր Եկեղեցւոյ աւետարանութեան ուրախութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.