2013-12-03 10:38:52

Վլատիմիր Փութինը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր


Պետական այցի ծիրէն ներս Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
ՌԴ նախագահը ծաղկեպսակ դրած է 1915-ի անմեղ զոհերու յիշատակին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած անոնց յիշատակը: Անոր ուղեկցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը ՌԴ նախագահին ներկայացուցած է 20-րդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրի պատմութիւնը:
Նախագահի պաշտօնին ասիկա Վլատիմիր Փութինի երկրորդ այցն է Ծիծեռնակաբերդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.