2013-12-03 12:18:08

Մաս Բ.­ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒՄԸ
Զրոյց քառասունեօթերորդ


Ա. բաժին ­ Աստուած կը գործէ մեր մէջ` սրբազան նշաններով.
Քրիստոնէական Խորհուրդներու ծիսակատարութեան մէջ, Յիսուս Քրիստոս կու գայ հանդիպելու մարդոց, Եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ. Ան ներկայ է իր Եկեղեցւոյն մէջ, մինչեւ աշխարհի կատարածը։ Ամենա­մտերիմ հանդիպումը զոր կարող ենք ունենալ իր հետ, այս աշխարհի վրայ, ծէսն է, այսինքն աստուածային պաշտամունքը։ Այս պատճառաւ` Սուրբ Բենեդիկտոսի օրէնքը կ՛ըսէն. ՙՈչինչ պէտք է նախապատուել աստուածային պաշտամունքին ՚ (Բենեդիկտոս Նուրսիացի, ապրած է 480-547, հիմնադիրն է արեւմտեան կրօնաւորական կեանքին)։

Հարցում թիւ 166. Ինչու՞ Եկեղեցին յաճախ ծիսակատարումներ կ՛ընէ։
Իսրայէլի ժողովուրդը արդէն ժամանակին իր առօրեայ աշխատանքը կը դադրեցնէր օրուան մէջ եօթն անգամ (Տես Սաղմոսներ 119, 164), զԱստուած պաշտելու համար։ Յիսուս մասնակցեցաւ իր ժողովուրդի պաշտամունքին եւ աղօթքներուն. Ան աղօթել սորվեցուց իր աշակերտներուն եւ զիրենք հաւաքեց Վերնատան մէջ, որպէսզի իրենց հետ միասին կատարէր պաշտամունքներու մեծագոյնը` ինքզինք նուիրել որպէս կերակուր։ Իր անդամները հրաւիրելով ծէսին մասնակցելու, Եկեղեցին կ՛ուզէ հաւատարիմ ըլլալ Յիսուսի պատուէրին. Ըրէք ասիկա իմ յիշատակիս համար։
Ինչպէս որ մարդ կը շնչէ ապրելու համար, նոյնպէս ալ Եկեղեցին կը շնչէ եւ կ՛ապրի երբ ծիսակատարութիւն կ՛ընէ։ Աստուած ինքնին` օրը օրին անոր կը ներշնչէ նոր կեանք մը եւ կ՛ընծայէ իրեն իր խօսքն ու խորհուրդները։ Կարելի է նաեւ ուրիշ նմանութիւն մը օգտագործել. Ամէն կրօնական պաշտամունք նման է սիրահարներու ժամադրութեան, զոր Աստուած կը նշէ մեր յուշտետրին մէջ. Այն անձը որ արդէն զգացած է Աստուծոյ սէրը, կամովին կը մասնակցի. իսկ այն որ երբեմն ոչինչ կը զգայ, սակայն հաւասարապէս կը մասնակցի, ցոյց կու տայ Աստուծոյ իր հաւատարմութիւնը։

Հարցում թիւ 167. Ի՞նչ է ծէսը։
Ծէսը Եկեղեցւոյ պաշտօնական պաշտամունքն է։
Ծիսական պաշտամունք մը պարզ եղելութիւն մը չէ, որ հարուստ է գեղեցիկ գաղափարներով եւ սքանչելի երգերով. Ոչ մի ծէս կը յօրինուի կամ կը ստեղծուի։ Ան վկայութիւնն է հաւատքի կեանքի մը, որ աճած է դարերու ընթացքին։ Կրօնական պաշտամունք մը սրբազան եղելութիւն մըն է, յարգանքի արժանի. Ծէսը առինքնող կը դառնայ երբ կը զգանք թէ Աստուած ինքնին ներկայ է, իր սուրբ նշաններով եւ իր թանկագին աղօթքներով, որոնք յաճախ շատ հին են։

Հարցում թիւ 168. Ինչու՞ ծէսը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ։
Ծէսը այն գագաթն է որուն կը ձգտի Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ, միեւնոյն ժամանակ, ան աղբիւրն է ուրկէ կը հոսի անոր բոլոր կորովը։
Յիսուսի կենդանութեան` ժողովուրդները մեծ խումբերով կու գային իր մօտ, որովհետեւ կ՛ուզէին բուժուիլ իր ներկայութեամբ։ Այսօր մենք կրնանք դարձեալ հանդիպիլ Յիսուսի, որովհերեւ ան կ՛ապրի իր Եկեղեզւոյն մէջ։ Ան կ՛ապահովէ իր ներկայութիւնը մեր միջեւ, աղքատներու ծառայութեան մէջ (Տես Մատթէոս 25, 42), ինչպէս նաեւ Սուրբ հաղորդութեամբ. Երկու տեղեր են ուր մենք անմիջականօրէն իր թեւերուն մէջ կը նետուինք։ Եթէ թոյլ տանք իրեն որ մօտենայ մեզի, այն ատեն ան մեզ կ՛ուսուցանէ, կը կերակրէ, մեզ կը կերպարանաեոխէ, մեզ կը բուժէ… եւ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, իրեն հետ մէկ կ՛ըլլանք։

Հարցում թիւ 169. Ի՞նչ կը պատահի երբ պաշտամունք կը կատարենք։
Երբ պաշտամունք կը կատարենք, կը տարուինք Աստուծոյ սիրովը, կը բուժուինք, կը կերպարանափոխուինք։
Եկեղեցւոյ բոլոր ծիսակատարումներն ու խորհուրդները մէկ նպատակ կը հետապնդեն, որ է` տալ կեանքը եւ զայն տալ առատօրէն։ Երբ ծիսակատարութիւն մը կ՛ընենք, կը հանդիպինք անոր որ ըսած է ինքիր մասին. Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը (Յովհաննէս 14, 6)։ Այն որ կը մասնակցի կրօնական պաշտամունքի մը եւ ինքզինք լքուած կը զգայ, Աստուած զինք կ՛առնէ իր պաշտպանութեան տակ։ Այն որ հոն կ՛երթայ եւ ինքզինք կորսուած կը զգայ, հոն կը գտնէ զԱստուած, որ իրեն կը սպասէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.