2013-12-03 12:13:37

Զրոյց քառասունհինգերորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ (2)


Հարցում թիւ 158. Ի՞նչ է Երկինքը։
Երկինքը յաւիտենական վայրկեանն է սիրոյն։ Այլեւս ոչինչ կրնայ բաժնել Աստուծմէ այն հոգին որ զինք սիրեց եւ փնտռեց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Միացած բոլոր հրեշտակներուն եւ բոլոր սուրբերուն, հոգին կը հրճուի յաւիտենապէս գտնուելով Աստուծոյ մօտ եւ Աստուծոյ հետ։
Երիտասարդ զոյգ մը որ սիրահարուած` զիրար կը դիտեն…, կաթընկեր մանուկ մը, որ կաթ ծծելու ժամանակ` իր մօր նայուածքը կը փնտռէ, կարծէք թէ ուզենար յաւիտեանս տպաւորել անոր մէն մի ժպիտը իր մտքին մէջ… ահաւասիկ օրինակներ որոնք կրնան փոքր գաղափար մը տալ երկնքին. Կարենալ տեսնել զԱստուած դէմ դիմաց` կը նմանի միակ սիրոյ ակնթարթի մը, որ յաւիտեան կը տեւէ։

Հարցում թիւ 159. Ի՞նչ է Քաւարանը։
Քաւարանը որ յաճախ ներկայացուած է որպէս տեղ մը, իրականին մէջ` վիճակ մըն է։ Այն անձը որ կը մեռնի Աստուծոյ շնորհքին մէջ (այսինքն խաղաղութեան մէջ Աստուծոյ եւ մարդոց հետ), եւ սակայն տակաւին պէտք ունի քաւութեան, նախ քան Աստուծոյ հետ դէմ առ դէմ գտնուիլը, քաւարանի մէջ է։
Երբ Պետրոս առաքեալ ուրացաւ Յիսուսը, Տէրը դարձաւ եւ նայեցաւ իրեն. ՙԵւ Պետրոս դուրս ելաւ ու դառնապէս լացաւ՚ ­ այսպէսով ան յայտնեց զգացում մը որ կարելի է ունենալ քաւարանին մէջ։ Այսպիսի քաւարան մը հաւանաբար կը սպասէ մեզմէ շատերուն, մեր մահուան ժամուն. Տէրը կը նայի մեզի սիրալիր կերպով, եւ մենք կ՛ունենանք ծանր զգացում մը ամօթի եւ ցաւագին զղջումի, նկարտմամբ մեր գործած յանցանքներուն կամ այն գործերուն որոնց մէջ կը պակսէր միայն սէրը։ Միայն այս քաւիչ ցաւէն ետքն է որ կարող պիտի ըլլանք հանդիպելու Տիրոջ սիրոյ նայուածքին, յաւիտենական ուրախութեան մը մէջ զոր ոչ մէկ բան պիտի կարենայ այլեւս խանգարել։


Զրոյց քառասունհինգերորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ (2)

Հարցում թիւ 160. Կրնա՞նք օգնել քաւարանի հոգիներուն։
Այո՛, որովհետեւ բոլո ր մկրտուածները Յիսուսի անունով` կը կազմեն սուրբերու հաղորդակցութիւնը եւ կապակցութեան մէջ են իրարու հետ. Ուստի ապրող մարդիկը կրնան օգնել ննջեցեալներոուն որոնք քաւարանի մէջ են։
Երբ մեռնի, մարդ այլեւս որեւէ բան չի կրնար ընել ինքիրեն համար. Կը լրանայ ներգործական փորձառութեան շրջանը։ Բայց մենք, որ տակաւին ողջ ենք, կրնանք բան մը ընել քաւարանի ննջեցեալ հոգիներուն համար. Մեր սէրը ներգործական է նոյնիսկ անդենականին մէջ։ Մեր ապաշխարանքով, մեը աղօթքներով, մեր բարի գործերով, բայց մասնաւորապէս Սուրբ Պատարագի մասնակցութեամբ` մենք կրնանք շնորհք խնդրել ննջեցեալներուն համար։

Հարցում թիւ 161. Ի՞նչ է Դժոխքը։
Դժոխքը յաւիտենական բաժանումի վիճակն է Աստուծոյ հետ, բացարձակ բացակայութիւնը սիրոյ։
Այն որ կը մեռնի ծանր մեղքի վիճակի մէջ` կատարուած ամբողջական գիտակցութեամբ, կամաւորապէս եւ առանց զղջալու, այն որ կը մերժէ ընդմիշտ սէրը Աստուծոյ որ ողորմութիւն կ՛ընէ եւ կը ներէ, անիկա ինքզինք կամաւորապէս կը զրկէ հաղորդակցութենէն` Աստուծոյ եւ սուրբերուն հետ։ Իսկապէս կարելի՞ է արդեօք որ մէկը, մահուան վայկեանին, նայի դէմ առ դէմ բացարձակ սիրոյն եւ պնդէ ոչ ըսելու։ Չենք գիտեր։ Սակայն մեր ազատութիւնը կարելի կը դարձնէ այսպիսի որոշում մը։ Յիսուս չի դադրիր մեզ զգուշացնելէ որ չբաժնուինք վերջնականապէս իրմէ, անտարբեր մնալով մեր եղբայրներու ու քոյրերուն թշուառութեան դիմաց. ՙՀեռացէք ինձմէ, անիծեալներ, այն ինչ որ չըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն` ինծի էր որ ըրած չեղաք՚ (Մատթէոս 25, 41.45)։







All the contents on this site are copyrighted ©.