2013-12-03 11:47:15

Զրոյց Երեսուն-հինգերորդ – Գլուխ Գ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ (1)


Հարցում թիւ 121. Ի՞նչ կը նշանակէ Եկեղեցի։
Եկեղեցի բառը կուգայ յունարէնի Էքլէզիա բառէն, որ կը նշանակէ հաւաքոյթը անոնց որոնք կոչուած են։ Մենք ամէնքս, մկրտուածներ եւ Աստուծոյ հաւատացողներ, կոչուած ենք Տիրոջմէ։ Միասին` կը կազմենք Եկեղեցին։ Քրիստոս, ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ, այս Եկեղեցւոյ գլուխն է. Իսկ մենք իր մարմինն ենք։
Երբ կ՛ընդունինք խորհուրդները եւ մտիկ կ՛ընենք Աստուծոյ Խօսքին, Քրիստոս մեր մէջն է եւ մենք ալ` իր մէջն ենք ­ ահա այս է Եկեղեցին։ Սուրբ Գրքերը չեն դադրիր բացայայտելէ շատ սեղմ ու անձնական կենակցութիւնը մկրտեալներուն`Յիսուսի հետ, բազմապատկելով նմանութիւնները։ Երբեմն Եկեղեցին կը կոչուի Աստուծոյ ժողովուրդ, ապա` հարս Քրիստոսի, երբեմն կը կոչուի մայր, ապա` ընտանիք Աստուծոյ։ Ան կը բաղդատուի նաեւ հարսանիքի մը հրաւիրեալներուն։ Եկեղեցին պէտք չէ ըմբռնել որպէս լոկ հաստատութիւն մը, պաշտօնեաներու Եկեղեցի մը, որմէ կարելի է բաժնուիլ։ Կրնանք զայրանալ Եկեղեցւոյ սխալներուն եւ արատներուն դէմ, սակայն երբեք չենք կրնար անկէ հեռանալ, որովհետեւ Աստուած զայն կը սիրէ անդառնալի կերպով ու երբեք անկէ չէ հեռացած հակառակ իր բոլոր մեղքերուն։ Եկեղեցին Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդոց միջեւ։ Ահա թէ ինչու պէտք ենք զայն սիրել։

Հարցում թիւ 122. Ինչու՞ Աստուած կ՛ուզէ որ Եկեղեցին գոյութիւն ունենայ։
Աստուած կ՛ուզէ որ գոյութիւն ունենայ Եկեղեցին, որովհետեւ չ՛ուզեր մեզ առանձին փրկել, այլ` միասին։ Կ՛ուզէ բոլոր մարդկութիւնը դարձնել մէկ ժողովուրդ։
Ոչ ոք կրնայ երկինք հասնիլ ոչ­ընկերային կերպով։ Այն որ կը մտածէ միայն ինքիրեն եւ լոկ իր հոգւոյն փրկութեան, կ՛ապրի ոչ­ընկերային ձեւով։ Երկնքի մէջ, ինչպէս նաեւ երկրի վրայ` ասիկա պարզապէս անկարելի է. Աստուած ինք եւս ոչ­ընկերային չէ. ան առանձին էակ մը չէ ինքիրմով բաւարարուած. Երրորդութեան Աստուածը ընկերային է ինքիր մէջ, ան ընկերութիւն մըն է, յարատեւ փոխադարձութիւն սիրոյ։ Աստուածային այս օրինակին համենատ, մարդն ալ նմանապէս հրաւիրուած է յարաբերութեան, փոխադարձութեան եւ սիրոյ մասնակցութեան։ Մենք պատասխանատու ենք մէկը միւսին։


Զրոյց Երեսուն-հինգերորդ – Գլուխ Գ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ (1)

Հարցում թիւ 123. Ի՞նչ է Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը։
Եկեղեցին կ՛աշխատի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը, սկսած արդէն Յիսուսով, կարենայ ծաղկիլ եւ աճիլ բոլոր ժողովուրդներու մօտ։
Այն տեղէն ուր կ՛անցնէր Յիսուս, երկինքը կը դպչէր երկրին, Աստուծոյ արքայութիւնը կը յայտնուէր, արքայութիւն`խաղաղութեան եւ արդարութեան։ Եկեղեցին ի սպաս է այս արքայութեան Աստուծոյ. Ան նպատակ մը չէ ինքիր մէջ, այլ հարկ է որ շարունակէ ինչ որ Յիսուս սկսած է, ընելով այն ինչ որ Յիսուս պիտի ընէր. Ան կը շարունակէ Յիսուսի սուրբ նշանները` խորհուրդները, կը փոխանցէ Յիսուսի խօսքերը։ Այս բոլորին համար` Եկեղեցին, հակառակ իր բոլոր տկարութիւններուն, երկնքի մէկ մեծ մասն է երկրի վրայ։

Հարցում թիւ 124. Ինչու՞ կ՛ըսենք թէ Եկեղեցին աւելի բարձր բան մըն է քան սովորական հաստատութիւն մը։
Եկեղեցին աւելի մեծ իրականութիւն մըն է քան որեւէ ուրիշ հաստատութիւն, որովհետեւ ան խորհուրդ մըն է, թէ մարդկային, թէ աստուածային։
Ճշմարիտ սէրը չի կուրցներ, այլ կը դարձնէ պայծառատես։ Նոյն դրութեան մէջ է մեր ակնակը Եկեղեցւոյ նկատմամբ. Դրսէն դիտուած` Եկեղեցին ուրիշ բան չէ եթէ ոչ պատմական հաստատութիւն մը, պատմական տուեալներով, բայց նաեւ սխալներով եւ նոյնիսկ ոճիրներով ­ մէկ խօսքով` մեղաւորներու Եկեղեցի մը։ Սակայն այս ակնարկը հեռու չի տանիր, որով Յիսուս այնքան վստահութիւն կը դնէ մեր վրայ, որ մեղաւոր ենք, որ երբեք չի լքեր Եկեղեցին, նոյնիսկ եթէ մենք դաւաճանենք անոր դէմ ամէն օր։ Այս անբաժանելի միութիւնը աստուածայինին եւ մարդկայինին միջեւ, մեղքի եւ շնորհքի միջեւ` Եկեղեցւոյ գաղտնիքն է։ Հաւատքի աչքերով` Եկեղեցին ուրեմն անխորտակելի է։








All the contents on this site are copyrighted ©.