2013-12-03 09:52:28

"Oeuvre d'Orient"բարեսիրական մարմինը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ մահմետական ծայրայեղներու յառաջդիմութեան Սուրիոյ մէջ։


Արեւելքի եկեղեցիներու ֆրանսական բարեսիրական մարմինը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ի տես Սուրիոյ զինեալ ընդհարումին, մատնանշելով որ այդ արիւնալի ընդհարումը միշտ աւելի դաւանական եւ հակաքրիստոնէական բնոյթ կը ստանայ, յայտարարած է գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշ` տնօրէնը Oeuvre d'Orient, բարեսիրական մարմնին, որուն կեդրոնը Փարիզ կը գտնուի, եւ անոր կէտնպատակն է օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի 23 երկիրներու քրիստոնեաներու` կրթական, առողջապահական, ընկերային յայտագրերուն։ Գերապայծառ Բասքալ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ բազմաթիւ երկիրներէն եկած` ծայրայեղ մահմետականներու մասնակցութեան Սուրիոյ ընդհարումին։ Անոնք անողորմ պայքար կը մղեն տեղացի քրիստոնեաներուն դէմ յուսալով գալիֆայութեան վերահաստատումը։
Այս հիմնական վտանգը նաեւ կը տարածուի Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Թիւնիզիի մէջ։ Ամէն տեղ ականատես ենք նոյն երեւոյթներուն` արեւանգում, սպաննութիւն եւ աւեր, յայտարարած է գերապայծառ Փասքալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.