2013-12-02 09:33:12

Ուքրանիոյ մէջ ցուցարարները կը ներխուժեն Քիեւի քաղաքապետարանի շէնք


Ուքրանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը չստորագրելու կառավարութեան քայլէն զայրացած ցուցարարներ ներխուժեցին Քիեւի քաղաքապետարանի շէնք:
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ դէպի Քիեւի Անկախութեան հրապարակ քայլարշաւ մը կատարեցին` անտեսելով ցոյցերը արգիլող կառավարութեան որոշումը: Անոնք կը բացագանչէին «Քիեւը մերն է»:
Ցուցարարները կառավարութեան հրաժարականն ու խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կը պահանջեն: Նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ կը յայտնէ, որ չհրաժարելու իր որոշումը ռուսական ճնշումի պատճառով է:
Ցուցարարներ նաեւ թիրախ դարձուցին քաղաքապետարանէն շուրջ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող նախագահական նստավայրը: Անոնք պուլտոզըր մը գրաւելով զայն օգտագործեցին ոստիկանութեան ապահովական գիծը ճեղքելու համար: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործելով ամբոխը ետ մղեց:
Մինչ նախագահ Եանուքովիչ յայտարարեց, որ Ուքրանիա չի կրնար Ռուսիոյ հետ իր առեւտուրը կորսնցնել, արգելափակուած ընդդիմադիր ղեկավար Եուլիա Թիմոշենքօ ուքրանացիներուն կոչ ուղղեց «իշխանութիւններու քայլերը անպատասխան չձգելու»: Ան անցեալ երկուշաբթի օրուընէ ի վեր այս հարցով հացադուլի դիմած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.