2013-12-02 09:33:22

Հալէպի Հայկական շրջաններու մէջ կրկին հրասանդի հրթիռներու թիրախ. Հայ պատանի մը թեթեւ վիրաւորուած


29 Նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրէ ետք Հալէպի Սիւլէյմանիէ-Նոր Գիւղ գիծի վրայ երկու հրասանդի հրթիռներ ինկան: Առաջինը՝ Զուարթնոց եկեղեցւոյ Թաղը դէպի Օրուլեան վաճառատուն, հրթիռը նշուած վաճառատան եւ կողքի շէնքերուն վրայ ինկաւ եւ պայթեցաւ: Հայ փոքրիկ մը՝ Անթօ Թիւթիւնճեան թեթեւ վիրաւորուեցաւ գուլխէն եւ ոտքէն, անմիջապէս տարուեցաւ հիւանդանոց եւ անմիջական բուժումներ տեղի ունեցաւ: Այժմ պատանիին վերքերը բուժուած եւ բնակարանն է կը հանգստանայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

Երկրորդ հրթիռը ինկաւ Սիւլէյմանիիէի մայր փողոցի վրայ գտնուող Թեթթէն պենզինի կայանի դիմացի շէնքը, որ միայն արձանագրուեցաւ նիւթական վնաս:

Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն Հալէպի հայաբնակ Սիւլէյմանիէի, Նոր Գիւղի եւ Ժիտէյտիէ շրջանները անգամ մը եւս հրասանդի հրթիռներու թատերաբեմ հանդիսացաւ՝ ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները եւ պատճառ դառնալով կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժերու տարբեր աստիճանի վնասներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.