2013-12-02 09:47:44

Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի խորհրդաժողովը գաղթականներու հովութեան նիւթին մասին։


2-4 դեկտեմբեր, Մալթայի Լա Վալէթ մայրաքաղաքին մէջ, տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի խորհրդաժողովը ''գաղթականներու հովութիւնը'' նիւթին մասին։ Եպիսկոպոսները կը քննարկեն գաղթականներու ու փախստականներու հովութեան մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները։ Գումարին նախատեսուած է մասնակցութիւնը այս հարցին հայող` զանազան երկիրներու պատասխանատուներուն եւ մասնագէտներուն։ Գաղթականներու ու փախստականներու երեւոյթը Եկեղեցւոյ համար յոյժ կարեւոր հարց մըն է։ Հարկաւոր է ընդգծել հիւրընկալութեան քաղաքականութիւնը Աւետարանի լոյսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.