Երկուշաբթի՝ 2 դեկտեմբերին երեկոյեան ժամը 8,00 ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան սրահին
մէջ, տեղի կ'ունենայ բարեսիրական համերգ մը, մասնակցութեամբ Իտալացի աշխարահռչակ երգիչ`
Անտրէա Պոչէլլիին, որուն եկամուտը պիտի յատկացուի ''Յիսուս Մանուկ - Պամպինօ Ճէզու''
մանկական հիւանդանոցի՝ սրտի վիրաբուժական մանաճիւղին։ ''Մանուկներու լոյսը'' վերտառութեամբ
այս ձեռնարկը կը կազմակերպուի երկու տարին անգամ մը, համագործակցութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի
Պետական Քարտուղարութեան։